image

Հարիրի. «Կը վերադառնամ եթէ ...»

Հարիրի. «Կը վերադառնամ  եթէ ...»

Լիբանանի հրաժարեալ  վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներէն առնելով  իր տուեալներ,  «Ռօյթըրզ»  լրատուական ծառայութիւնը յայտարարած է,  որ   Հարիրի  պատրաստ է վարչապետութիւնը վերստանձնել,  եթէ      կազմուելիք   կառավարութիւնը ըլլայ «թեքնոքրաթ»  կառավարութիւն մը։

Աղբիւրը նաեւ  կը նշէ, որ այս առաջարկը  կատարելով,  Հարիրի    կը կանխէ  այն մօտեցումները, որոնք   ճանապարհ կրնան բանալ    սովորական-քաղաքական  կառավարութիւն մը կազմելու  դիմաց։

Յիշեցնենք, որ Լիբանանի  վարչապետը  երէկ հրաժարական  տալով    երկրին մէջ քաղաքական նոր փուլի մը ազդանշանը  տուած էր։