Անցած գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 65 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 970 կրակոց:
Շփման գիծի հարաւային ուղղութեամբ, բացի հրաձգային զինատեսակներէ, ատրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ ականանետ (11 արկ) եւ հաստոցաւոր ինքնաշխատ նռնականետ (3 արկ):
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ շարունակած իրականացնել մարտական հերթապահութիւն: