Ուաշինկթըն դիմած է Եւրոպա գտնուող իր քաղաքացիներուն, որոնք կը պատրաստուին ամանորեան տօներն այնտեղ նշելու, զգուշացնելով ահաբեկչական յարձակումներու վտանգէն: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:
ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ նախորդ տարիներուն Եւրոպա մեկնիլ պատրաստուող իր քաղաքացիներուն ուղղուած զգուշացումը ուժի մէջ է նաեւ այս տարի, մինչեւ յառաջիկայ յունուար ամսուան վերջը:
Նախարարութիւնը յիշել տուած է անցնող տարիներուն Պերլինի եւ Կ. Պոլսոյ դէպքերը, երբ տօնական օրերուն տասնեակ քաղաքացիներ ահաբեկչական յարձակումներու զոհ գացին, միաժամանակ խնդրելով զգոյշ գտնուիլ հանրային վայրեր գտնուելու կամ տօնական միջոցառումներու մասնակցելու պարագային: