«Վերջերս հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները միաժամանակ ե՛ւ վտանգաւոր են, ե՛ւ մտահոգիչ։ Անհրաժեշտ է անյապաղ ապաթէժացում։ Եւրոմիութիւնը կը յորդորէ երկու կողմերուն զերծ մնալ հետագայ որեւէ ռազմական զարգացումներէ եւ գործողութիւններէ», - նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Փաստաթուղթին մէջ ըսուած է, որ ԵՄ-ն պատրաստ է օգնել կողմերուն սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցերով։ «ԵՄ-ն պատրաստ է փորձագիտական աջակցութիւն ցուցաբերել եւ օգնել սահմանազատման եւ սահմագծման հարցերով, ինչպէս նաեւ նպաստել վստահութիւնն ամրապնդելու անհարժեշտ միջոցառումներուն, որպէսզի ապահովուի կայուն խաղաղութիւնն ու բարգաւաճումը Հարաւային Կովկասի մէջ», - ընդգծուած է յայտարարութեան մէջ։
Բացի այդ, ԵՄ-ն դարձեալ կոչ ըրած է Ատրպէյճանին ազատելու հայ ռազմագերիները: «Մենք կը շարունակենք կոչ ընել Ատրպէյճանին անյապաղ ազատելու բոլոր ռազմագերիները եւ գերեվարուած քաղաքացիները: Մենք կ'ողջունենք բոլոր ջանքերը, որոնք ուղղուած են լարուածութիւնը թուլացնելուն՝ ներառեալ հնարաւոր միջազգային դիտորդական առաքելութեան մասին առաջարկները», -ըսուած է փաստաթուղթին մէջ։