«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ դեսպան՝ Մոհամմատ Հաժ Իպրահիմ
- Պրն. Դեսպան գիտենք, որ Սուրիայէն դուրս գտնուող քաղաքացիները այսօր մօտենալու իրենց երկիրներու դեսպանատուներ կատարեցին իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը եւ քուէարկեցին։ Այդ առումով, ինչպիսին էր մթնոլորտը Երեւանի մէջ։
Մեր մօտ՝ դեսպանատան մէջ խանդավառութիւն կը տիրէր։ Հայաստան բնակող Սուրիոյ քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ ողջ աշխարհ տարածուած սուրիական գաղութները, կրկին անգամ փաստեցին, որ Սուրիան յաղթահարեց ահաբեկչութիւնը եւ որ Սուրիան ինքն է, որ կը վճռէ իր ապագան ու կազմէ իր իշխանութիւնը: Անոնք ըսին, թէ սուրիացիները իրենք են քաղաքական որոշումին տէրերը եւ ոչ թէ օտար երկիրներ: Սուրիացիները կը կը կատարեն սահմանադրական իրաւունքը ընտրելով երկրի նախագահ եւ կը հաստատեն որ իրենք պիտի որոշեն երկրի ապագան եւ իրականացնեն Սուրիոյ ժողովուրդի բաղձանքները: Անցնող տարիներուն Սուրիոյ ժողովուրդը ապրեցաւ դժուար տագնապ մը, աշխարհի շատ մը երկիրներ, ուզեցին տապալել մեր երկրի անվտանգութիւնը, ապահովութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ չայջողեցաւ։ Սուրիացի ժողովուրդը անգամ մը եւս եկա փաստելու որ ինքը Սուրիոյ պետութեան եւ սուրիական բանակին հետ է եւ պատրաստ է վերականգնելու նոր Սուրիան
- Նախագահական ընտրութիւններէն եւ յառաջիկայ նախագահի յաղթանակը հռչակելէ ետք, որ մեծ հաւանականութեամբ նախագահ՝ Պաշար Ասատին պիտի ըլլայ, արդեօք սկիզբ պիտի առնէ՞ հանգուցալուծման նոր փուլը, մանաւանդ այն տարածքներուն մէջ, ուր բախումներ կ'ընթանան, ինչպէս Իտլիպի կամ Հիւսիսային շրջաններուն մէջ:
Սուրիոյ իշխանութիւնը գործակցաբար իր դաշնակիցներուն եւ բարեկամներուն հետ, ջանք չի խնայեր լուծումներ գտնելու բոլոր տեսակի խնդիրներուն, եւ այդ անշուշտ Սուրիոյ սկզբունքներու՝ ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ մանաւանդ քաղաքական ազատ որոշման շրջածիրէն ներս, նաեւ վերադարձնելու բոլոր բռնագրաւուած հողերը եւ պահելու երկրի ամբողջականութիւնը: Ինչպէս նախագահ Ասատ ըսաւ «Մենք պիտի չընկրկինք եւ պիտի չհանգչինք մինչեւ վերադարձնենք Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան բոլոր հողերը Սուրիական գերիշխանութեան», ու անկէ ետք ես վստահ եմ, որ կարելի պիտի ըլլայ լուծել բոլոր հարցերը: