15 Մարտին, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն` ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծի փլանային դիտարկում պիտի իրականացնէ Մարտակերտի շրջանի ուղղութեամբ՝ Թալիշ բնակավայրէն դէպի հիւսիս-արեւմուտք։
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը պիտի իրականացնեն ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Կէնատիէ Փեթրիկան (Մոլտովա) եւ Խրիսթօ Խրիսթովը (Պուլկարիա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից Պեթէր Սվէտպըրկը (Շուէտ)։
Շփման գիծի հակառակ կողմէն դիտարկում պիտի իրականացնեն ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպշիկը, անոր դաշտային օգնական Իրժի Ապերլէն (Չեխիա) եւ անձնական օգնական Սայմըն Թիլլէրը (Մեծ Բրիտանիա)։
Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցիլ դիտարկման գործընթացին եւ ապահովել ԵԱՀԿ առաքելութեան անդամներու անվտանգութիւնը։