image

«Դեռ յոյս կա՞յ». Սեւանայ Լիճի խնդրով կարեւոր դիտարկում. Tert.am

«Դեռ յոյս կա՞յ». Սեւանայ  Լիճի խնդրով  կարեւոր դիտարկում. Tert.am

 Սեւանայ լիճի ծաղկումը առաջացած է տասնամեակներու ընթացքին՝ ջուրի մակարդակի իջեցման, աղտոտման, որոշ չափով նաեւ ջրային պաշարներու վատնման հետեւանքով: Այս ամէնուն մէջ որոշակի դեր  կը խաղայ նաեւ օդի միջին ջերմաստիճանի բարձրացումը: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է «Յանուն կայուն զարգացման» միութեան ղեկավար, բնապահպան Կարինէ Դանիէլեանը:

 


Տասնամեակներ շարունակ խօսած ենք, որ լիճը կ'երթայ ճահճացման

 

«Գեղարքունիքի մարզին մէջ քաղաքներու, բնակավայրերու, գիւղերու հոսքաջուրերը չեն մաքրուիր, միայն երեք քաղաքի մէջ կան մաքրման կայաններ, այն ալ՝ մեխանիկական, եւ առանց քիմիական, կենսաբանական մաքրման՝ կը լեցուին Սեւան: Ափամերձ տարածքներուն մէջ մակարդակը լաւ է, սկսան ջուրը բարձրացնել, բայց այդ տարածքները չմաքրեցին, այնպէս ինչպէս պէտք էր, եւ կանաչ, անտառային տարաքները մտան ջուրի տակ, որոնք ալ սկսան ծաղկիլ: Այդ ամէնը տուաւ այս արդիւնքը:

Տասնամեակներ շարունակ խօսած ենք, որ լիճը կ'երթայ ճահճացման: Այդ կը նշանակէ, որ հետագային մենք Սեւանի ջուրը ո՛չ ոռոգման, ո՛չ ալ հանգիստի համար կը կարողանանք օգտագործել, իսկ առանց Սեւանի ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Հայաստանը: Բացի այդ, ջուրերը իրար հետ կապուած են, Սեւանի աղտոտումը եւ ճահճացումը խիստ կ'ազդէ նաեւ միւս ջրային միջոցներուն վրայ»,- ըսած է ան:

Կարինէ Դանիէլեանը նշած է, որ մեծ քանակութեամբ ձուկի որսը եւս կրնայ ջուրի ծաղկման պատճառ դառնալ. «Սննդային շղթայի վերը ձուկն է, եթէ ձուկը վերցնես, այդ օրկանական նիւթերը կը մնան ջուրին մէջ եւ հիմք կը դառնան ծաղկման համար»,- նշած է բնապահպանը:

Անդրադառնալով Սեւանայ լիճէն ջուր բաց թողելուն՝ ան ընդգծեց, որ վաղուց մշակուած է ծրագիր, թէ որքան ջուր պէտք է բաց թողել եւ որքանը պէտք է երթայ դէպի Արփա-Սեւան գետնուղիով, որպէսզի ջուրի մակարդակը քայլ առ քայլ բարձրանայ, սակայն, անոր հաւաստմամբ, մինչեւ 2013 թուականը ջուրի բարձրացում կը նկատուէր, իսկ 2013-էն ետք լիճը շատ քիչ բարձրացած է, ինչը խիստ բացասական կ'ազդէ լիճին վրայ:

«Ես քանի մը տարի առաջ գիրք հրապարակած էի Սեւանի հիմնախնդրի վերաբերեալ՝ հաւաքելով բոլոր մասնագէտներու կարծիքները եւ գիտական բոլոր տուեալները, ես սիրահարուած էի լիճին, զարմացած էի, թէ լիճը ինչքան կենսակայունութիւն ունէր, լիճին քիչ մը լաւ վերաբերէիր, աղտոտումը կ'իջեցնէիր, մակարդակը կը բարձրացնէիր, մէկ տարուան ընթացքին լիճի բոլոր ցուցանիշները կ'երթային դէպի լաւը: Այնպէս որ, ամէն ինչ մեզմէ կախուած է, յոյս ունիմ, որ չենք անցած այն սահմանը, որմէ ետք այլեւս ոչինչ ընել հնարաւոր է»,- եզրափակած է ան: