Պաշտօնական Մոսկուան պարբերաբար յայտարարած է, որ ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները պէտք է շարունակել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջածիրէն ներս։ Այսօր այդ մասին խօսած է նաեւ Ռուսաստանի նախկին արտաքին գործոց փոխնախարար, Դաշնութեան խորհուրդի միջազգային հարցերով յանձնաժողովի ղեկավար Կրիկորի Քարասինը՝ «Քոմերսանթ»-ին տուած ծաւալուն հարցազրոյցի ժամանակ, ուր անդրադարձ կայ նաեւ Արցախին։
«Կը կարծեմ, որ անոնք՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները, կրնան օգտակար դեր խաղալ։ Այս «եռեակն» ունի փորձ եւ պատկառելի արտաքին աջակցութիւն։ Կարելի է վերսկսիլ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիի ներքոյ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու կանոնաւոր հանդիպումներու փորձը, որ միջազգային մեծ արձագանգ կը ստանայ», - «Քոմերսանթ»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Քարասինը։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները պատերազմէն ետք դեռ չեն հանդիպած, բոլորովին վերջերս անոնք մասնակցած են Մոսկուայի մէջ կայացած ԱՊՀ հերթական հաւաքին եւ նոյնիսկ առանձին հանդիպումներ ունեցած են Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի հետ, սակայն երկկողմ բանակցութիւններ չեն ունեցած։
Ռուսաստանցի բոլոր պաշտօնեաները Ղարաբաղի մէջ եւ Ղարաբաղի շուրջ պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակի մասին խօսելու ժամանակ նախ կ'ընդգծեն Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի դերը ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու հարցով։ Քարասինը նոյնպէս նախ այդ մասին խօսած է․ - «Առաջին հերթին ընդգծեմ, որ Ռուսաստանի նախագահի պատասխանատու եւ եռանդուն դիրքորոշումը յանգեցուցած է արիւնահեղութեան դադարեցման եւ 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ին Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու միջեւ պայմանաւորուածութեան ձեռքբերման»:
Նախկին դիւանագէտը զգալի արդիւնք համարած է այն, որ այսօր տարածաշրջանին մէջ հրադադարը կը վերահսկեն ռուս խաղաղապահները։ Անոր խօսքով, այսօր հարցերու հիմնական մասը կապուած է մարդասիրական խնդիրներու լուծման հետ՝ ռազմագերիներու փոխանակման աւարտի, զոհուածներու մարմիններու, փախստականներու վերադարձի եւ անոնց բնակութեան համար պատշաճ պայմաններու ստեղծման հետ: Քարասինն ընդգծած է, որ սուր դրուած է Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի եւ անոր շուրջ շրջաններու ականազերծման հարցը։
Պաշտօնական Մոսկուան պարբերաբար յայտարարած է, որ այսօր թիւ մէկ խնդիրը Ղարաբաղի մէջ կողմերու միջեւ վստահութեան հաստատումն է։ Կրիկորի Քարասինն ըսած է հարցազրոյցին մէջ, թէ այս ուղղութեամբ յստակ քայլեր արդէն առնուած են․ - «Ռուսաստանի նախագահի նախաձեռնութեամբ կը շարունակուի քաղաքական հարցերու քննարկումը, կ'ընթանայ հանգուցալուծումներու որոնում: Աշխոյժօրէն կ'աշխատի եռակողմ յանձնաժողովը փոխվարչապետներու մակարդակով, որ կը քննարկէ տնտեսական, փոխադրային, բանակային խնդիրները»։
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ հայկական կողմի համար այսօր ամենաարդիական հարցը հայ ռազմագերիներու վերադարձն է։ Պաքուն, սակայն, յայտարարած է, թէ հարցը փակուած է, եւ հայ ռազմագերիներ Ատրպէյճանի մէջ այսօր չկան։ Մոսկուան ալ պարբերաբար կը յայտարարէ, որ ռազմագերիներու հարցը պէտք է վերջանակապէս կարգաւորել «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով։