«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ արմատներով Մուսա Լեռցի, եւ վերջերս հայրենադարձած՝ Ռուբէն Ճանպազեան։
Նշենք, որ Ճանպազեան ժամանակ մը վարած է Պոսթըն հրապարակուող պարբերականի գլխաւոր խմբագիրը, իսկ ներկայիս մաս կը կազմէ Հայաստանի մէջ մարդասիրական-ընկերային մեծ ներդրումներով հանդէս եկող «Թիւֆէնկեան հիմնարկութեան»։
- Վերջերս ձեր աշխատանքին բերումով գտնուեցաք Արցախ, ինչ տպաւորութիւններով վերադարձաք, եւ ինչ են հոն տիրող ընդհանուր տրամադրութիւնները։
Իրաւացի էք, իմ աշխատանքային երկրորդ շաբաթն իսկ Արցախ անցուցի, որ հետաքրքրական փորձառութիւն մըն էր, այն առումով, որ կը տարբերէր անցեալի իմ այցելութիւններէն։ Այս այցը կը տարբերէ անով, որ անցեալին չէինք մտածեր ճանապարհի անվտանգութեան մասին, սակայն այսօր այդ մէկը դարձած է երեւելի մտահոգութիւն։ Ճանապարհին կային ռուս խաղաղապահներ, որոնց անցակէտերէն 4-5 անգամ պէտք է անցնէինք, եւ մեր տուեալները տայինք, այնտեղ կային թրքական եւ ատրպէյճանական դրօշակներ եւ ատրպէյճանցի զինուորները: Որքան ալ փորձես ինքզինքդ պատրաստել, Արցախի ճանապարհին այդ բոլորը տեսնելու պահը ցաւ եւ տառապանք կը պատճառէ:
Գալով Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին, ապա կրնամ ըսել, որ գոնէ Ստեփանակերտի մէջ, բնականոն կեանքի վերադարձ մը կայ, ժողովուրդը այնտեղ է եւ իր առօրեայ հոգերով տարուած: Միակ մեծ տարբերութիւնը, որ նկատեցի, Արցախի այլ շրջաններէ Ստեփանակերտ հասած տեղահանուածներուն ներկայութիւնն էր, ու նաեւ մեծ թիւով ինքնաշարժներու ներկայութիւնը: Իսկ այն տեղերը, ուր բաւական թէժ մարտեր եղած էին, նոյնը չէր մնացած, օրինակ՝ գործի բերումով գտնուեցանք Մարտունիի շրջան, ուր կան վնասուած տուներ, կան ընտանիքներ, որոնք ունին զոհեր եւ այսօր լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւեն: «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի ճամբով եւ ջանքերով կը փորձենք քիչ մը թեթեւցնել այդ ծանր վիճակը: Ընդհանուր առմամբ կարելի է ըսել որ արցախցին կ'ուզէ մնալ իր հայրենի հողին վրայ, կը պայքարի դժուարութիւններուն դէմ, եւ յանդգնօրէն կը շարունակէ իր կեանքը: Անոնք երբեք յուսահատած չեն եւ խիզախ են բոլոր առումներով։
Անշուշտ, որ վախեր ու մտահոգութիւններ կան, բայց արցախցին ընդհանուր առմամբ քաջ ու անվախ է ու այդպէս ալ կը մնայ յետ պատերազմեան այս օրերուն եւ ամենակարեւորն այն է, որ Այսքան ցաւէն ետք, Արցախի ժողովուրդի ոգին անկոտրում է։
- Ազգովին յայտնուած ենք բաւականին բարդ դրութեան մէջ, սակայն գետնի վրայ առկայ վիճակը չի խօսիր այդ մասին: Աւելին տեղի ունեցող գործընթացներուն մէջ կարծես այդքան էական օրակարգ մը չէ մեր երկիրը այս խորունկ ճգնաժամէն հանելու կամարտայայտութիւնը։ Կա՞յ այդպիսի բան, ինչպէ՞ս կը վերլուծէք իրավիճակը։
Այո, համամիտ եմ, որ երկրիը եւ ազգը բաւական լուրջ ճգնաժամի մէջ է այսօր, թէ՛ քաղաքական առումով եւ թէ՛ տնտեսական: Քաղաքական գետնի վրայ արդէն ակնայտ են անցուդարձերը, ժողովուրդի մէկ մասը հիասթափուած է, եւ հասկնալի են պատճառները: Սակայն ինչ որ նկատած եմ Հայաստանի մէջ, դժբախտաբար, ժողովուրդը եւ քաղաքական ղեկավարութիւնը՝ ըլլայ իշխանութիւն կամ ընդդիմութիւն, մեղքը իրար վրայ բարդելու եւ կամ մեղքը ընդունելու հարց ունին եւ ասիկա շատ վտանգաւոր ազդակ է քաղաքական կեանքէն ներս: Կը կարծեմ, որ միայն ճիշդ արժեւորելով ու գնահատելով մեր անցեալը եւ ներկան, կրնանք նայիլ դէպի զարգացում եւ փայլուն ապագայ: Այստեղ այն պակասը կայ, որ ճիշդ ձեւով չենք գնահատէր թէ որոնք են մեղաւորները, եւ որոնք պէտք է պատասխանատւութիւնը կրեն, դժբախտաբար բոլորը իրենք զիրենք անմեղներ կը ներկայացնեն, կամ կը ձեւացնեն որ այդպէս են, ինչ որ մեր ազգը քանի մը քայլ ետ կը տանի: Արցախի 44-օրեայ պատերազմին, կային լուրջ ձախողութիւններ՝ դիւանագիտական եւ ռազմավարական եւ այսօր, դժբախտաբար, ոչ մէկը կ'ուզէ անոր պատասխանատւութիւնը կրել։ Այս մօտեցումը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ եւ բաւական վտանգաւոր տեղեր կրնայ տանիլ մեզ, որպէս երկիր եւ որպէս ազգ ու ժողովուրդ:
- Ի տես եղածին, հողային եւ մարդկային կորուստներուն, ձեր կարծիքով ինչպիսին էր հայկական սփիւռքի արձագանգը։ Գոհացուցի՞չ էր ընդհանուր պատկերը։
Տիկնոջս հետ Հայաստան տեղափոխումէն քանի մը օր ետք, այդ տխրահռչակ պայմանագիրը կնքուեցաւ: Պատերազմի մեծամասնութեան ընթացքին Ամերիկա եւ Գանատա էի: Գանատայի գաղութին մասին կրնամ ըսել, որ համայնքը պատերազմի ժամանակ իսկապէս մէկ բռունցք դարձաւ եւ ամէն ինչ ըրաւ յօգուտ Արցախի, եւ յանուն մեր հայրենիքի քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Մէկ կողմ դրուեցան բոլոր քաղաքական- կազմակերպական տարբերութիւններն ու տարակարծութիւնները: Կազմակերպուեցան դրամահաւաքներ, օգնութեան եւ իրերու հաւաքներ, բողոքի ցոյցեր, եւ բոլորը եղան միախմբուած ու համակարգուած ձեւով։Անշուշտ, որ պատերազմէն եւ այդ տխրահռչակ պայմանագիրը ստորագրուելէն ետք բաւական լուրջ մտահոգութիւններ ստեղծուեցան սփիւռքի մէջ: Կար հատուած մը, որ բոլորովին յուսախաբ էր, հասկնալի է ինչու, որովհետեւ հողային եւ մարդկային կորուստները մեծ էին: Օրինակ մեր գաղութը Թորոնթօն՝ ծննդավայրս, նոյնիսկ իր զաւակներէն մէկը տուաւ այս պատերազմի ընթացքին:
Չեմ ուզեր ընդհանրացնել, բայց Թորոնթոյի գաղութի պարագային, հայութեան մեծ մասը, չընդունիր այս արդիւնքը, պատասխաններ կ'ուզէ թէ ինչ տեղի ունեցաւ, եւ ինչու այսպէս տեղի ունեցաւ, եւ կը սպասէ, որ անձիք պատասխանատւութիւնը կրեն այս բոլոր եղածներուն համար: Կայ հատուած մը, որ հիասթափուած է, եւ կայ հատուած մը որ ուղղակի բարկացած է ու ջղային եւ պատասխաններ կը պահանջէ:
- Եղած զարգացումներուն լոյսին տակ, ըստ երեւոյթին մենք ականատես պիտի դառնանք նոր Կովկասեան տարածաշրջանի մը սկզբնաւորութիւն։ Այդ պարագային, որպէս հայեր ինչ առաջնահերթութիւններ ունինք։
Շատ հետաքրքրական ժամանակաշրջանի մը մէջ ենք այսօր, ուր իսկապէս անորոշութիւն կը տիրէ։Չենք գիտեր թէ վաղուան օրը,ինչ պիտի ըլլայ, որովհետեւ ամէն օր նոր զարգացումներ կան: Մեր առաջնահերթութիւնը պէտք է այն ըլլայ, որ կեդրոնանանք մեր հայրենիքին վրայ, ըլլայ Արցախ թէ Հայաստան, եւ այս բոլորէն ետք ալ, պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ Արցախը կարգավիճակ ստանայ: Ուզենք կամ ոչ պէտք է ընդունինք, որ մեր դրացի երկիրները կ'ուզեն բնաջնջել մեզ եւ իմ կարծիքով, մեր հարցը գոյութենական հարց է եւ ատոր համար ալ ամէն ինչ պէտք է ընենք ապահովութիւն ստեղծելու եւ պարտադրելու համար: Կը կարծեմ որ լաւագոյն ձեւը այդ մէկն ընելու, համաշխարհային մակարդակով ընդունուած եւ ճանչցուած կարգավիճակ մը որոշելն է Արցախի համար, այդ ըլլայ անկախութիւն, կամ ուղղակի Հայաստանին մէկ մաս դառնալը: Այս աշխատանքը անյապաղ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ ինչպէս նշեցի մեր դրացի երկիրները պատրաստ են, վաղն իսկ, ոչ միայն իրենց նուաճածով գոհանալ այլ նաեւ ձգտիլ աւելի մեծ քաղաքներու՝ Ստեփանակերտի կամ ինչու ոչ Երեւանի: Երբ Ատրպէյճանի նախագահը կը յայտարարէ թէ Երեւանը ատրպէյճանական քաղաք է, պատմականօրէն ատրպէճանական եղած է, անշուշտ կրնանք ծիծաղիլ այդ ելոյթներուն վրայ, սակայն այս 44-օրեայ պատերազմէն ետք յայտնի եղաւ, որ շատ լուրջ եւ պատրաստուած թշնամի մը ունինք:
Մեր առաջնահերթութիւններէն պէտք է ըլլայ նաեւ Հայաստանի զարգացումը բոլոր բնագաւառներու մէջ, սկսեալ մեր այս քաղաքական վիճակէն, որմէ դուրս ելլելու համար, պէտք է մեր երկրի ղեկավարութիւնն ու քաղաքական բոլոր ուժերը նստին եւ սկսին ընդունիլ իրենց անցեալի ու ներկայի մեղքերը յանուն ապագայի: Երիտասարդութիւնը պէտք է կապենք այս հայրենիքին, որպէսզի արտասահման չնային: Նաեւ մեծ գործ ունինք ընելիք սփիւռքի մէջ, սփիւռքահայ երիտասարդն ու պատանին կապելու հայրենիքին: Պարտութիւնները երբեք հաճելի չեն, պէտք է ընդունիլ որ դիւանագիտականօրէն եւ ռազմականօրէն պարտուեցանք, բայց պէտք չէ այդ պարտութիւնը պատճառ դառնայ, որ սփիւռքի մեր հայրենակիցները բոլորովին հիասթափուին եւ ինքզինքնին անջատ զգան հարենիքէն: Միշտ ըսած եմ եւ կը շարունակեմ ըսել, որ եթէ սփիւռքահայը կ'ուզէ ապրիլ եւ իսկապէս հայօրէն ապրիլ հայրենիքէն դուրս, պէտք է ձեւով մը կապուած ըլլայ հայրենիքին, նոյնիսկ եթէ ուղղակի հարենադարձութեան կարելիութիւն չկայ, այսինքն լիարժէք չի կրնար այստեղ ապրիլ, գոնէ ձեւով մը պէտք է «մէկ ոտքը այստեղ դնէ»։ Հայրենիքը եւ պետականութիւնը ճիշդ ձեւով գնահատելն ու արժեւորելն է մեր միակ փրկութիւնը:
- Ապագայի առընթեր մտավախութիւններ ունի՞ք, որ Հայաստան «ստիպուած» քայլով մը կը փորձէ լեզու գտնել թրքական կողմին հետ։ Ինչ կը մտածէք այդ մասին։
Տեղ մը պէտք է ընդունիլ, որ Թուրքիան մեր հարեւան երկիրն է: Շատ լաւ ու բնական պիտի ըլլար եթէ մեր յարաբերութիւնները մեր բոլոր հարեւաններուն հետ, սահուն եւ յարգանքի վրայ հիմնուած ըլլային, սակայն այստեղ կայ մէկ շատ կարեւոր ազդակ, այն է որ Թուրքիան փաստեց որ անվստահելի դրացի երկիր է, ան օգտակար եղաւ այս վերջին պատերազմին ատրպէյճանական կողմին: Անշուշտ միայն այդ չէ պատճառը, որ Թուրքիան պէտք է առերեսուի իր անցեալին հետ, կասկած չկայ անոր մասին, եւ եթէ իսկապէս յարաբերութիւն կ'ուզենք ունենալ մեր հարեւան երկիրներուն հետ, պէտք է մեր պատմութիւնը ճիշդ ձեւով արժեւորուի, եւ այդ պատմութեան սեւ օրերն ալ ճիշդ ձեւով ընդունուին եւ ճանչցուին, որպէսզի կարենանք լաւ յարաբերութիւններ ունենալ. այլապէս կը կարծեմ կեղծիքի վրայ հիմնուած կ'ըլլայ որեւէ փոխ յարաբերութիւն: Այո կրնանք գտնել լեզու, բայց երբ դրացիդ լեզուդ կը կտրէ, լեզու գտնելու առիթը չի տար քեզի: Շատ պիտի ուզէի, որ արդարութեան ու իրականութեան հիման վրայ ստեղծուին եւ զարգանան մեր դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները, բայց այնքան ատեն, որ Թուրքիան իր անցեալը չընդունիր ու չի ճանչնար, եւ այնքան ատեն, որ բացէ ի բաց կը դրդէ մէկ կողմը միւս կողմին դէմ, ան կը փաստէ, որ իսկապէս հայ արեան ծարաւ է եւ մենք մեր գոյութիւնը պահպանելու հարցը ունինք: