image
Հրատապ լուրեր:

Սիւնիքի մէջ պիտի կայանայ անվտանգութեան հարցերով կարեւոր ժողով

Սիւնիքի մէջ պիտի կայանայ անվտանգութեան հարցերով կարեւոր ժողով

 

Այսօր՝ 19 փետրուարին Սիւնիքի մէջ պիտի կայանայ Սիւնիքի անվտանգային հարցերով զբաղող միջգերատեսչական աշխատանքային խումբի նիստը: Այս մասին «Փասթինֆո»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Խաչատրեանը:

Նիստին պիտի մասնակցին փոխնախարարներ, գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ եւ պատգամաւորներ.

«Նիստը տեղի կ'ունենայ Գորայքում: Նիստի նպատակը յետպատերազմեան ժամանակահատուածում Սիւնիքում առաջացած խնդիրներն արձանագրելն է, օփերաթիւ կերպով այդ խնդիրներին լուծում տալը, իսկ այն խնդիրները, որոնք օփերաթիւ լուծման ենթակայ չեն, կը ներկայացնենք կառավարութիւն»,-ըսած է Արմէն Խաչատրեանը։

Սիւնեցի պատգամաւորը յայտնած է նաեւ, որ սա աշխատանքային խումբի երրորդ նիստն է:

Յիշեցնենք, որ Սիւնիքի անվտանգային հարցերով զբաղող միջգերատեսչական աշխատանքային խումբը ստեղծուած է վարչապետի որոշմամբ՝ 15 յունուարին:

Այս օրերուն ահազանգներ հնչած էին անվտանգային բազմաթիւ խնդիրներու մասին. Ատրպէյճիները կը շարունակեն մեթր առ մեթր առաջ գալ, արձակել կրակոցներ, որու հետեւանքով գիւղացիները կը վախնան անասնապահութեամբ, գիւղատնտեսութեամբ զբաղիլ: