image

Դէպի Իտլիպ.3 Օրուան թէժ մարտերէ ետք Սուրիոյ բանակը ազատագրած է 30 գիւղեր

Դէպի Իտլիպ.3 Օրուան   թէժ մարտերէ ետք  Սուրիոյ  բանակը ազատագրած է  30 գիւղեր

3 օրէ  ի վեր  ընթացող  թէժագոյն մարտերէն  ետք Սուրիոյ   բանակը  յաջողած է  ազատագրել    Իտլիպի  հարաւ-արեւելեան  հատուածին  մէջ   գտնուող  «Մահարաթ  ալ նահման»   շրջանի    աւելի քան   30 գիւղեր։

Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Ալ Մայատին»  կայանը՝ նշելով նաեւ, որ Սուրիոյ  բանակի  տիրապետութեան տակ անցած շրջանները  կը կազմեն     700  քառակուսի քիլոմեթր  տարածութիւն։

Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ «Մահարաթ    նահման»ի  շրջակայից  գիւղերու ամբողջական ազատագրումէն ետք   Իտլիպի  ընդհանուր     ռազմական   քարտէզը պիտի փոխուի  եւ չի բացառուիր,  որ բանակը   շարունակէ  իր   յառաջխաղացքը  դէպի Իտլիպ։

«Ալ Մայատին» նաեւ կը հաղորդէ, որ     «Ալ Նուսրա» խմբաւորման   տատանումը եւ  մեծ  անկումը կը վերագրուի  վերջին շրջանին այդ շրջաններուն մէջ գտնուող      ահաբեկչական խմբաւորումներուն  իրար միջեւ  ունեցած   տարակարծութիւններուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ  այդ  շրջաններէն  «ձեռք  լուալու»  ընդհանուր  քաղաքականութեան  հետ։

Ըստ «Ալ Մայատին»ին   վերջին  օրերուն    գրանցուած  մարտերէն  ետք      այդ   շրջաններուն մէջ   վնասազերծուած    ահաբեկիչներուն  թիւը  անցած է  160-ը,  իսկ վիրաւորներունը   անցած է 200-ը։

Ամէն  պարագայի     շրջանին մէջ  տեղի ունեցող  ռազմական   իրադարձութիւնները  չափազանց կարեւոր են եւ չի բացառուիր, որ Սուրիոյ բանակը  իր հրացանները  ուղղէ դէպի Իտլիպ, այդպիսով ալ   վերջ  տալով  ահաբեկիչ տարրերուն համար  երբեմնի  «դրախտ»  համարուող   սուրիական  այդ նահանգի   անիշխանական   իրավիճակին։