image

Թուրքիա եւ «Կապոյտ հայրենիք»ը. Ինչքանով վտանգուած է այսօրուան Կիպրոսը

Թուրքիա   եւ  «Կապոյտ հայրենիք»ը. Ինչքանով վտանգուած է  այսօրուան Կիպրոսը

Երբեք պատահական չեն Հիւսիսային Կիպրոսի (միջազգայնօրէն ճանաչում չունեցող «երկիր») առաջնորդ Էրսին Թաթարի կողմէ հնչած յայտարարութիւնները այն մասին, որ իրենք, որպէս կիպրացիներ երկու ձեռքով համաձայն են Էրտողանի ծաւալապաշտական քաղաքականութեան։

Ի դէպ Թաթար այս յայտարարութիւնները կատարած է անցեալ մարտին, երբ Թուրքիոյ ծովուժը միացեալ ռազմափորձեր կը կայացնէր Կիպրոսի հիւսիսային հատուածի այսպէսացած «Թրքական Կիպրոս»ի ծովուժին հետ։

Ուշագրաւն այն էր, որ այդ ռազմափորձերուն ընթացքին պաշտօնական Անգարա չէր թաքցներ իր միտումները եւ հեռահար նպատակները կերտելու «Կապոյտ հայրենիք»ը, որուն խորքային նպատակն է «կուլ տալ» 70-ականներու կէսերէն ի վեր ինքնիշխանութեան պայքար մղող եւ ազատատենչ «Յունական Կիպրոս»ը։

 

 Այդ քայլն այսօր ցաւօք սարերու ետեւը չէ։

 Պարզ այն տրամաբանութեամբ, որ օրըստօրէ Անգարա շատ մեծ միջոցներու կը դիմէ Միջերկրական ջուրերուն մէջ իր դիրքերու ամրացման համար ու այդկերպ ալ կեանքի կոչելով իր հին-նոր ծրագիրը, որն առկայ է իր ենթագիտակցութեան մէջ եւ որուն հիմքով ալ Թուրքիա «ի վերջոյ» պիտի կարողանայ Յունաստանին պատկանող եւ միջազգային իրաւունքով հաստատուած եւ կապոյտ ջուրերուն մէջ եղող կազային «կարեւոր պատառ» մը կորզել։

 

 Այդպիսին է իրավիճակը, ոչ միայն այն պատճառով, որ Էրտողան բաւականին ինքնավստահ կը գործէ, այլ նաեւ անոր համար, որ շահերու փոխկապակցութեան ընդհանուր միջավայրին մէջ, ոչ Եւրոպական Միութիւնը, եւ ոչ ալ Արեւմուտքի «կեղծ արժէքներ»ը դաւանող երկիրները ծպտուն մը պիտի հանեն Թուրքիոյ կողմէ առնուած որեւէ ռազմական քայլի մը պարագային։

 

 

 Ու այստեղ ալ ի յայտ պիտի գայ, որ այս մեծ պայքարին մէջ, որուն երկու ծայրերն են Աթէնքն ու Անգարան, ամենաթոյլ ու «անտէրութեան» ձգուած օղակը Կիպրոսն է։

 

 Այն Կիպրոսը, որ երկար ժամանակէ ի վեր Թիրախ է Թուրքիոյ համար եւ այն Կիպրոսը, որ մասնաւորապէս Եւրոպական մակարդակի վրայ տարբեր փուլերու եւ առիթներու Անգարային համար եղած է ու կը շարունակէ մնալ իրական «գլխացաւանք մը»։

 

 

 Այս բոլորի կողքին պարզ է նաեւ, որ Սուրիոյ խորերէն սկսած, Լիպիայէն անցած ու մինչեւ հերոսական Արցախ հասած Թուրքիոյ ունեցած ուժային-տինամիզմին դիմաց, Նիկոսիա եւ նոյնիսկ Աթէնք կը շարունակեն հանդէս գալ շատ թոյլ դիրքերէ։

 

 Ժողովուրդներու տեսակին մէջ է արդեօք խնդիրը, կամ թէ Թուրքիան կարողացաւ դառնալ այնպիսի ռազմական ուժ, որուն դիմաց քայլ առնելու համար տաս տեսակի հաշիւ կընեն աշխարհի գերհզօր միւս տէրութիւնները եւ քաղաքական «ռէալիզմ»ի կանոններով շարժելով կը նախընտրեն թրքական մեծ քայլերուն դիմաց «խաղալ» դիւանագիտական կանոններով։

 

 Այս վարկածները անշուշտ կրնան ինչ որ կերպ վրիպիլ, եթէ պատահի, որ Թուրքիան անցնի մեծ ցնցումէ մը, կամ առհասարակ այն ուժերը, որոնք ինչ-ինչ պայմանաւորուածութիւններու հիմքով նախընտրեցին ստեղծել Էրտողանի Թուրքիան, ինչպէս որ դարասկիզբին ալ ստեղծուեցաւ Մ. Քէմալի Թուրքիա մը, այն տարբերութեամբ, որ մինչ Քէմալ անդաւաճան էր զինք տեղ հասցնողներուն, իսկ այսօր Էրտողան իր խաղը կը խաղը յար եւ նման այն ուժերուն, որոնք մեծ ճիգեր ի գործ դրին կերտելու համար նէօ-իսլամի շապիկով հանդէս եկող Թուրքիա մը։

 

 

 Այս փոխյարաբերութիւններուն մէջ ալ, եթէ քիչ մը աւելի խորանանք, անշուշտ պիտի նկատենք, որ Արեւմուտքը այդքան ալ ուրախ չէ էրտողանի կերպարով։

Ոչ անոր խօսքով, ոչ անոր գործով, ոչ ալ անոր յոխորտ մօտեցումներով, սակայն խնդիրն այն է, որ եւ Եւրոպա եւ մանաւանդ Միացեալ Նահանգներ տակաւին համոզուած են, այն կարծիքին, որ այսօր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ առկայ մեծ տագնապներու կողքին հնարաւոր չէ բանալ տագնապներու եւ արեան նոր «հրաբուխ» մը, որուն հիմնական բոլոր մակարդակի բաղկացուցիչները ունի ՝ Էրտողանի Թուրքիան։

 

Վերադառնալով Կիպրոսի թեմային, հարկ է նաեւ ամրագրել, որ տարբեր առումներով առանձինն մնացած Կիպրոս ունի մեծագոյն սխալ մը, որն է Եւրոպայի հանդէպ առկայ մեծ վստահութիւնը, որ որեւէ ռազմական քայլի պարագային պիտի դառնայ անէծք այդ գողտրիկ երկրին ու անոր խաղաղ բնակչութեան համար։

 Կիպրացին կը գիտակցի՞ այս բոլորը, կամ եթէ գիտակցի ու դիտարկէ, պատրաստ է կտրուկ քայլեր առնելով մեծ զոհողութիւններ ընելու միայն ու միայն ապահովելու համար իր այնքան թանկ անվտանգութիւնը։

 

 

 Ժամանակի սլաքները անշուշտ ի նպաստ Կիպրոսի չեն, պայմանաւ, որ Էրտողան կարողանայ իր երկրին մէջ առկայ լարումները զսպել եւ միւս կողմէ ալ ի շահ իր տնտեսական բարօրութեան անցնիլ իր մեծ , սակայն բոլոր առումներով արկածախնդրական քայլին, որն է կերտել նոր եւ այս անգամ «Կապոյտ հայրենիք» մը։

 

 

 «Ա»