Մայրաքաղաք Դամասկոսի վրայ եղած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով վիրաւորուածներուն մէջ է նաեւ Պօղոս Ստեփանեանի անունը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Դամասկոսի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ Ստեփանեան վիրաւորուած է երէկ Պապ Թումա թաղամասին մէջ, մինչ անոր մօտէն անցնող մեքենային մէջ գտնուողները մահացած են:Ստեփանեան, որ վիրաւորուած է կողմէն փոխադրուած է հիւանդանոց եւ ներկայիս կը բոլորէ ապաքինման շրջան մը: Անոր վիճակը կը գնահատուի բաւարար:
Նշենք, որ անցնող ժամերուն ընթացքին Դամասկոս դարձեալ թիրախ դարձած էր ահաբեկիչ զինեալներու հրթիռարձակումներուն:
Հրթիռներ ինկած են յատկապէս Պապ Թումա, Պապ Շարքի եւ Պապ Տուալհա թաղամասերուն մէջ: Պապ Թումայի մէջ զոհուած է պատանի մը Էլի Հալապի անունով, մինչ անոր եղբայրը վիրաւորուելով փոխադրուած է հիւանդանոց:
«Արեւելք» այս առաւօտ Դամասկոսի մասին լրատուութիւն մը կատրելով հաղորդած էր, որ երէկ մայրաքաղաքի խաղաղ բնակչութեան շրջաններուն վրայ եղած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած էր 8-ի, իսկ վիրաւորներունը ՝ 15-ի: