image

Դամասկոսի վերջին հրթիռարձակումներուն ընթացքին վիրաւորուած է `Պօղոս Ստեփանեանը

Դամասկոսի վերջին  հրթիռարձակումներուն  ընթացքին   վիրաւորուած է  `Պօղոս Ստեփանեանը

  Մայրաքաղաք Դամասկոսի    վրայ   եղած  հրթիռարձակումներուն հետեւանքով   վիրաւորուածներուն  մէջ է   նաեւ      Պօղոս Ստեփանեանի անունը: Այս մասին «Արեւելք»     տեղեկութիւն ստացաւ Դամասկոսի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ Ստեփանեան     վիրաւորուած է երէկ  Պապ Թումա   թաղամասին  մէջ,  մինչ անոր   մօտէն  անցնող        մեքենային   մէջ գտնուողները  մահացած են:Ստեփանեան, որ վիրաւորուած է կողմէն  փոխադրուած է հիւանդանոց եւ ներկայիս կը  բոլորէ ապաքինման   շրջան մը: Անոր  վիճակը  կը գնահատուի բաւարար:  

 Նշենք,  որ անցնող  ժամերուն ընթացքին  Դամասկոս դարձեալ   թիրախ   դարձած էր ահաբեկիչ զինեալներու     հրթիռարձակումներուն:

      Հրթիռներ ինկած  են յատկապէս  Պապ  Թումա,  Պապ  Շարքի եւ  Պապ Տուալհա    թաղամասերուն  մէջ:  Պապ  Թումայի  մէջ    զոհուած  է    պատանի մը Էլի  Հալապի անունով, մինչ անոր եղբայրը վիրաւորուելով  փոխադրուած է  հիւանդանոց:  

 

   «Արեւելք»  այս առաւօտ  Դամասկոսի մասին լրատուութիւն մը կատրելով   հաղորդած էր, որ    երէկ  մայրաքաղաքի    խաղաղ  բնակչութեան շրջաններուն վրայ  եղած   հրթիռարձակումներուն հետեւանքով   զոհերուն թիւը հասած էր   8-ի, իսկ վիրաւորներունը ՝ 15-ի: