image

Դամասկոսի մէջ ահաբեկչական մեծ պայթում. Կան զոհեր

Դամասկոսի  մէջ  ահաբեկչական    մեծ  պայթում. Կան    զոհեր

Դամասկոսի  «Ալ Թահրիր» հրապարակին վրայ     պայթում մը  որոտացած  է:   Այս մասին  լուրը փոխանցեց   Սուրիոյ  հեռատեսիլի պետական  կայանը:  Աղբիւրը  նաեւ հաղորդեց, որ պայթումը  արդիւնք է    անձնասպանական  գործողութեան  մը, որուն հետեւանքով  ինկած են  զոհեր եւ վիրաւորներ:  Աղբիւրը նաեւ նշեց,  որ   երկրի ապահովական մարմիններ  յաջողած  են  պաշարել եւ   ապա  չէզոքացնել  երկու այլ  ականուած ինքնաշարժներ, որոնք  նոյնպէս կ'ուղղուէին  մարդահոծ  հրապարակներ մեծ թիւով կորուստներ պատճառելու համար:

Յիշեցնենք, որ  մայրաքաղաք  Դամասկոսի մէջ  վերջին  անգամ պայթում մը եղած էր  մարտին՝  խլելով տասնեակ   մարդոց կեանքը եւ պատճառելով նիւթական  մեծ վնասներ: