Գահիրէ տպագրուող «Յուսաբեր»էն կը կարդանք՝
Յունուարի 26-ին հանգեցաւ բժիշկ Գէորգ Մազլումեանի վերջին ժամանակները պլպլացող աստղը։
Արդարեւ ինքնուրոյն աստղ մը եղաւ ան եգիպտահայ կեանքէն ներս։ Թէեւ բեմի, խօսքի կամ գրիչի մարդ չէր եւ ոչ ալ կը փորձէր ըլլալ, բժշկական իր դասախօսութիւնները հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ կ’ունկնդրուէին։ Ան բեմի ետին գործող տեսակներէն էր, նախաձեռնող էր, օժանդակող յաճախ եւ միջոցներ ստեղծող։ Կը սիրէր երիտասարդութեան եւ կ’աջակցէր անոր նախաձեռնութիւններուն, կը հաւատար սերնդափոխութեան ու կը խթանէր զայն։
Ծառայասէր էր ու նուիրում ունէր բժշկական իր օգնութեան դիմողներուն, համայնքին, հայ թէ օտար հասարակութեան հանդէպ։ Իւրաքանչիւրն իր ծիրին ու ժամանակին մէջ։
Շէնշող, հիւրասէր եւ հիւրընկալ էր, ընտանի էր խոհանոցի գաղտնիքներուն, չէր խորշէր համադամ ուտեստներ անձնապէս պատրաստել տանը թէ ակումբին մէջ, որպէս վարչական եւ վարչութեան ատենապետ։
Հանրային ծառայութեան նախասիրութիւններ չունէր, բոլոր ասպարէզներն ալ հաւասար էին իրեն համար, համայնքային թէ միութենական ըլլային անոնք, մշակութային, մարզական թէ բարեսիրական կամ արտաքին յարաբերական, ամէնուրէք ուր աշխատանք կար տարուելիք ինք պատրաստակամ կը նետուէր գործին մէջ ու նախանձախնդրօրէն իր առաւելագոյնը կու տար։ Այդ կարողութիւնն ունէր ու կ’արժեցնէր իր ներդրումը։
Հանգուցեալի նկարագրին ուսանելի գիծերէն կարեւորագոյնը կը կարծենք, որ զինք կ’առանձնացնէր, տանը կամ առանձին՝ սեփական հանգիստին կամ հաճոյքին գերի չըլլալն էր․ ան կարծես հաւաքականութեան մէջ կը գտնէր իր հանգիստն ալ, հաճոյքն ալ։ Այս վարքն է, որ հետզհետէ հազուադէպ կը դառնայ։ Թերեւս մարդու տեսակն է, ընկերականութիւնը, յարաբերուելու դիւրութիւնը, աշխարհընկալումը, ինք- նավստահութիւնը, հաւանաբար բոլորը միասին։
Առողջական պատճառներով երկար ժամանակ էր որ հանրային կեանքէն քաշուած էր ան ու նորահաս սերունդէն շատեր զինք չեն ճանչցած այնպէս, ինչպէս ժամանակակիցները, հասակակիցները կամ աւելի կրտսերները՝ մեր սերունդը։ Իր շիջումը դատարկութիւն կը ստեղծէ․ աւելի բարոյական ներկայութիւն մը կը կորսնցնենք, ինչպէս կ’ըսեն՝ շուք մը կը կորսնցնենք, երբ ինք այլեւս նախկին գործունեայ ներկայութիւնը չէր։
Եւ այդ արժէքի կորուստն է, որ կսկիծ եւ ափսոսանք կը պատճառէ։ Մեր հաւաքական կեանքը բարոյական ներկայութիւններէ կը պարպուի եւ կ’աղքատանայ, կը հիւծի։
Յիշատակն անթառամ պիտի ըսենք՝ ընկալեալ սովորութեամբ․ կը նախընտ- րէինք ըսել՝ յիշատակն անթառամ պահեցէք նորահասներ, աշխատեցէք մանրուքներէն վեր բարձրանալ, հաւասարակշռութիւն պահել անձնականին եւ հաւաքականին միջեւ, բարոյական մեծութիւն դառնալ, շուք ունենալ եւ այդ կերպով անցաւորներու յիշատակը պահել։
Անշուշտ բառերն անզօր են մեղմելու կորստեան ցաւը իր ընտանիքի անդամ- ներուն, այնուամենայնիւ՝ մեր խորին ցաւակցութիւնները կողակիցին՝ ընկերուհի Զազային, որդուն՝ ընկեր Արմէնին եւ տիկնոջ՝ Գարոլինին, թոռանը՝ Թալարին։
Զ.
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ