Ամերիկեան The New York Times օրաթերթի շապիկը 21 փետրուարին նուիրուած է «Քորոնա» ժահրէն մահացած աւելի քան կէս միլիոն ամերիկացիներու յիշատակին:
21 Փետրուարի կիրակնօրեայ լուրերու շարքին գլխաւոր թեման «Քովիտ-19»-ի կործանարար ազդեցութիւնն է, որու հետեւանքները նկատելի է ողջ երկրով մէկ: Թերթի գլխաւոր էջին իւրայատուկ կրաֆիքական պատկեր հրապարակուած է, որուն մէջ տեղ գտած սեւ կէտերէն իւրաքանչիւրը կը խորհրդանշէ մէկ կորսուած կեանք:
Նման կրաֆիքական պատկերներ The New York Times-ը արդէն հրապարակած էր նախորդ ամիսներուն, երբ երկրին մէջ արձանագրուած էր «Քորոնա» ժահրէն մահացութեան 100 000, 200 000 թիւ եւ 425 000 դէպք: Վերջինը տեղի ունեցած էր յունուարին:
Ըստ worldometers.info կայքի պարբերաբար թարմացուող տուեալներուն՝ ԱՄՆ-ի մէջ համաճարակի ողջ ընթացքին արձանագրուած է «Քովիտ-19»էն մահուան 510 015, վարակման՝ աւելի քան 28,7 մլն դէպք:
