ԱՄՆ-ի եւ Իրանի բանակցութիւնները կրնան վերսկսիլ արդէն յաջորդ շաբաթ Իսլամապատի մէջ։ Իրանն ու ԱՄՆ-ը միջնորդներու օգնութեամբ կ՚աշխատին 14 կէտէ բաղկացած փոխըմբռնման յուշագիր մշակելու շուրջ, որ պիտի սահմանէ պատերազմը դադրեցնելու մէկամսեայ բանակցութիւններու շրջանակները։
Այս մասին յայտնած է «The Wall Street Journal»-ը՝ յղում կատարելով իրազեկ աղբիւրներու։
Կը նշուի, որ նախագիծը կը նախատեսէ Իրանի միջուկային ծրագրի քննարկում, Հորմուզի նեղուցի մէջ լարուածութեան մեղմացում եւ իրանական բարձր հարստացուած ուրանի պաշարներու հնարաւոր փոխանցումը այլ երկրի։
Միեւնոյն ժամանակ, պարբերականի զրուցակիցները շեշտած են, որ առանցքային հարցերը տակաւին կը մնան չլուծուած եւ կրնան պատճառ դառնալ բանակցութիւններու տապալման։