image
Հրատապ լուրեր:

Ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է հաստոցաւոր հակաթանկային նռնականետ. ԱՀ ՊՆ

Ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է հաստոցաւոր հակաթանկային նռնականետ. ԱՀ ՊՆ

Անցած գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է 55 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 550 կրակոց:

Շփման գիծի հարաւային ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ հաստոցաւոր հակաթանկային նռնականետ (1 արկ):

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն մարտավարական իրաադրութեան առաջնագիծին վրայ եւ կը շարունակեն իրականացնել մարտական դիրքերու պահպանութիւնը: