image
Հրատապ լուրեր:

Արդէն 865 884 քաղաքացի քուէարկած է

Արդէն 865 884 քաղաքացի քուէարկած է

ՀՀ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի անդամ Սէյրան Շահսուվարեան այսօր ԿԸՅ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ներկայացուց տեղեկութիւններ մինչեւ ժամը 14:00-ը քուէարկութեան մասնակցած ընտրողներու թիւի վերաբերեալ։


Սէյրան Շահսուվարեանը տեղեկացուց, որ ժամը 14։00-ի դրութեամբ ընտրելու իրաւունք ունեցող 2,587,706 քաղաքացիէն քուէարկութեան մասնակցած է 865,884 անձ կամ 35,46 տոկոսը:


Ան ներկայացուց նաեւ տուեալները, ըստ ընտրական տարածքներու, մարզկեդրոններու եւ ընտրական տարածքի` 10 000-էն աւելի ընտրող ունեցող համայնքներու եւ Երեւան քաղաքի:

Ըստ ընտրատկան տարածքներու՝

 

1. ընտրատարածք`  34 տոկոս

2. ընտրատարածք` 33 տոկոս

3. ընտրատարածք`  34 տոկոս

4. ընտրատարածք`  32 տոկոս

5. ընտրատարածք` 36 տոկոս

6. ընտրատարածք` 31 տոկոս

7. ընտրատարածք`  37 տոկոս

8. ընտրատարածք` 35 տոկոս

9.  ընտրատարածք`  32 տոկոս

10. ընտրատարածք`  32 տոկոս

11. ընտրատարածք` 29 տոկոս

12. ընտրատարածք` 35 տոկոս

13. ընտրատարածք` 37 տոկոս