image

Կառավարութիւնը պարտաւոր էր յայտնել երաշտի մասին եւ օգնել քաղաքացիներուն... Փորձագէտ

Կառավարութիւնը պարտաւոր էր յայտնել երաշտի  մասին եւ օգնել  քաղաքացիներուն... Փորձագէտ

«ՀՀ կառավարութիւնը պարտաւոր էր յայտնել երաշտի մասին՝ անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերելով: Շիրակում եւ Գեղարքունիքում իրավիճակը չի փոխուել»: Այս մասին յայտարարեց «Ագրարագիւղացիական միաւորում» Հասարակական Կազմակերպութեան նախագահ՝ Հրաչ Պէրպէրեան:

Անոր խօսքով՝ գիւղացիներն ու հողագործները օրերս կ'ակնկալեն անձրեւներ, որոնք քիչ մը կը թեթեւցնեն իրենց հոգսերը:

«Սակայն ինձ զարմացնում են մեր պետական այրերը: Եթէ 26-28 օր տեղումներ չկայ, կառավարութիւնը պարտաւոր է յայտարարել երաշտի մասին՝ համապատասխան աջակցութիւն ցուցաբերելով: Երկու-երեք օր անց փոխվարչապետի պաշտօնակատար՝ Տիգրան Աւինեանն այցելեց Շիրակ եւ յայտարաեց, որ ջրի խնդիր չի լինի: Եթէ Քարուտի ջրմամբարում 4-5 միլիոն խորանարդ մեթր ջուր է 16 միլիոնի փոխարէն, ապա ինչի՞ մասին կարելի է խօսել»,-պարզաբանեց Պէրպէրեանը:

Ան նշեց, որ ջրամբարը չէ լցուած ամբողջութեամբ վթարի սպառնալիքի պատճառով, որուն յղում կ'ընեն իշխանութիւնները: Այնուամենայնիւ, փորձագէտը նշեց, որ նման սպառնալիք կրնար առաջանալ:

«Ջրամբարը հանգիստ կարելի էր լցնել մինչեւ 15 միլիոն խորանարդ մեթր»,-նկատեց փորձագէտը: