image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի ԱԳՆ ղեկավարի այցը Յունաստան աւարտած է 15 Մարտին

Արցախի ԱԳՆ ղեկավարի այցը Յունաստան աւարտած է 15 Մարտին

Յունաստանի Փելոփոնէսի համալսարանին կից Միջերկրական, մերձաւորարեւելեան եւ իսլամական հետազօտութիւններու կեդրոնի, ՀՅԴ Հայ դատի Յունաստանի յանձնախումբի եւ Փանտիօ համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է «Կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը Կովկասի մէջ. իրադրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» խորագրով միջոցառում, որուն ներկայ եղած են Կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արքեպիսկոպոս Օհանեանը, Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանը, Յունաստանի խորհրդարանի անկախ պատգամաւոր Խարիս Թէոխարիսը, հայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, դասախօսներ, ուսանողներ ու լրագրողներ։

 

Միջոցառման, որպէս հիմնական բանախօս, հանդէս եկած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը, որ իր ելոյթին մէջ անդրադարձ կատարած է Արցախի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան պատմութեան, կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան շարք մը խնդիրներու։ Իր խօսքին մէջ ԱԳ նախարարը ընդգծած է, որ Ազրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ ուժի եւ ուժի կիրառման սպառնալիքի վրայ հիմնուիլը կը շարունակէ մնալ տարածաշրջանի մէջ լարուածութեան պահպանման հիմնական պատճառ եւ կը հանդիսանայ հակամարտութեան կարգաւորման ճանապարհին ծառացած գլխաւոր խոչընդոտներէն մէկը։

 

Ան նաեւ նշած է, որ յատկապէս վերջին շրջանին իրավիճակի հետեւողականօրէն սրման ուղղուած Ազրպէյճանի գործողութիւնները եւ հակամարտութեան խաղաղ ու վերջնական կարգաւորման հասնելու ցանկութեան լիակատար բացակայութիւնը կը վկայեն, որ Ազրպէյճանը յանուն իր քաղաքական շահերուն պատրաստ է ծայրայեղ քայլերու երթալ, ընդհուպ մինչեւ ռազմական գործողութիւններու հրահրում, ինչը եւ տեղի ունեցաւ 2016-ի ապրիլին։

 

Նախարարը շեշտած է, որ միայն Արցախի պաշտպանութեան բանակի վճռական գործողութիւններու շնորհիւ յաջողուեցաւ կասեցնել ռազմական յարձակման յետագայ ընդարձակումը եւ պարտադրել Ազրպէյճանին յարգել զինադադարի ռեժիմը, որ ցոյց կու տայ, թէ որքան կարեւոր է Արցախի Հանրապետութեան դերակատարութիւնը՝ որպէս տարածաշրջանային անվտանգութեան համակարգի անքակտելի մաս եւ անվտանգութեան մատակարար։

 

Անդրադառնալով հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին՝ Կարէն Միրզոյեան նշած է, որ ապրիլեան յարձակումը կասկածի տակ դրաւ խաղաղ կարգաւորման հեռանկարները, եւ շեշտած, որ նման իրավիճակի մէջ առաջնային խնդիր է լիարժէք բանակցութիւններու վերականգնման համար պայմաններու ստեղծումը, մասնաւորապէս, 1994 եւ 1995 թուականներուն համաձայնագիրներով սահմանուած հրադադարի ռեժիմի լիակատար վերականգնումը եւ 16 մայիս 2016-ին Վիեննայի մէջ եւ 20 յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու անյապաղ իրագործումը:

 

Ներկայացնելով Արցախի մէջ պետականաշինութեան գործընթացները՝ ԱԳՆ ղեկավարը ընդգծած է. «Արցախի պետականութեան ժողովրդավարական զարգացումը անշրջելի գործընթաց է, ինչի վառ օրինակն է 2017 թ. փետրուարի 20-ին տեղի ունեցած նոր Սահմանադրութեան ընդունումը։ Անկախ մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներից, Արցախի Հանրապետութիւնը չի շեղուի իր ժողովրդավարական ուղուց եւ կշարունակի պայքարը միջազգային հանրութեան կողմից իր ինքնորոշումը ճանաչելու ուղղութեամբ»։

 

Միջոցառման աւարտին Կարէն Միրզոյեանը պատասխանած է ներկաներու բազմաթիւ հարցերուն։ Արցախի արտաքին գործոց նախարարի աշխատանքային այցը Յունաստան աւարտած է։