Այսօր Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրէն ներս մեկնարկած «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագրով Հայաստան-Սփիւռք հերթական՝ 6-րդ համահայկական համաժողովին ելոյթ ունեցաւ ՀՀ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը:
Ան նշեց, որ այս համաժողովները կարեւոր են եւ պահանջուած: «Անհրաժեշտ է ընդունել այնպիսի որոշումներ, որոնք հաշուի առնելով ազգային շահերը եւ ժամանակի մարտահրաւէրները, կը նախանշեն մեր հաստատուն առաջընթացը»,-ըսած է ան: Ըստ Սահակեանի՝ համատեղ աշխատանքներու շնորհիւ արդէն կան արձանագրուած նշանակալի յաղթանակներ եւ ձեռքբերումներ, որոնց շարքին են Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը, Հայաստան համահայկական հիմնադրամի կողմէ եւ այլ խողովակներով իրականացուած բազմաթիւ ծրագիրներ։
Բակօ Սահակեանը համոզմունք յայտնեց, որ համաժողովը յաջողությամբ կ'իրականացնէ աշխատանքները եւ արժանի ներդրում կ'ունենայ համազգային խնդիրներու լուծման մէջ: