Երեւանի Սուրիոյ դեսպանատան մէջ այսօր յատուկ միջոցառում մը տեղի ունեցաւ նշելու համար Սուրիոյ նախագահ Ն. Վ. Տոքթ. Պաշշար Ասատի վերընտրութիւնը: Այս մասին «Արեւելք»-ին հաղորդեց Երեւանի մեր թղթակիցը:
Մեր աղբիւրը նշեց նաեւ, որ ի ներկայութիւն երեւանաբնակ մեծաթիւ սուրիահայերու, ինչպէս նաեւ համայնքային ներկայացուցիչներու, միջոցառումը ընթացք առաւ Սուրիոյ հանրապետութեան քայլերգի ունկնդրութեամբ, որմէ ետք խօսք առաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան դեսպան՝ պր. Մուհամմատ Հաժ Իպրահիմը: Դեսպան Իպրահիմ իր խօսքին մէջ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր երեւանաբնակ սուրիահայերուն, որոնք մասնակցութիւն բերին 20 մայիսին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, ան նաեւ կարեւորեց Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, նշելով, որ նախագահ՝ Պաշշար Ասատի վերընտրութիւնը կարեւորագոյն փաստն է ժողովուրդին կողմէ արտայայտուած փոխ վստահութեան: Ան նաեւ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահը եւ ժողովուրդը միշտ զօրակցութիւն յայտնած են երկրի բանակին, յոյս յայտնելով, որ Սուրիան կ'ընթանայ դէպի ամբողջական բարգաւաճում եւ խաղաղութիւն:
Դեսպանին խօսքէն ետք, հակիրճ խօսքով մը ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց Հայաստանի սուրիական համայնքի նախագահ՝ տոքթ. Ճորճ Բարսեղեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս յաղթանակը իրականացաւ սուրիական բանակի զոհողութիւններու շնորհիւ, նաեւ ժողովուրդին, որ չընկրկեցաւ իր դէմ հիւսուած դաւադրութեան առջեւ: Ան շնորհաւորեց Սուրիան նախագահի վերնըտրութեան առթիւ, եւ շեշտեց թէ սուրիացին լսելի դարձուց իր խօսքը ամբողջ աշխարհին:
Տոքթ. Ճորճի խօսքէն ետք, նոյնպէս հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ.-ի Գերագոյն Մարմնի անդամ՝ Արծուիկ Մինասեան, որ յատուկ ողջոյններ յղեց սուրիացի ժողովուրդին ու մասնաւորապէս նախագահ՝ Պաշշար Ասատին: Արծուիկ Մինասեան յիշատակեց, որ 2020 թուականի փետրուարին, Սուրիան ճանչցաւ ու դատապարտեց հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, նաեւ ճիգով եւ զօրակցութեամբ Պաշշար Ասատին: Մինասեան նաեւ նշեց, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու նկրտումները ձախողեցան եւ այդ ձախողութեան մեծագոյն փաստը նախագահ Ասատի վերընտրութիւնն է, որ արժանի եւ խոհուն նախագահ է: Ան նաեւ նշեց, թէ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ բոլոր ծրագիրները ձախողեցան եւ յոյս յայտնեց, որ Սուրիան դուրս կու գայ իր տագնապէն եւ կ'ընթանայ դէպի ապահով ափ:
Ապա հանդէս եկաւ Փանիկի Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետ, Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց միութեան նախագահ՝ գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. վրդ. Յովսէփեան, ան շեշտեց թէ Սուրիոյ ժողովուրդը հայրենիքի եւ ի սփիւռս աշխարհին մէջ միասնական է, եւ ան իր խօսքը ըսաւ, «այո» ըսելով տոքթ. Պաշշար Ասատին, որ անցնող 10 տարիներուն ընթացքին, փաստեց, թէ ան հաւատարիմ է իր երկրին եւ մենք ալ, որպէս սուրիահայեր, պէտք է հաւատարիմ մնանք մեր հայրենիքին, որ հայերուն ապաստան տուաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք:
Խօսքերու աւարտին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, ուր հնչեցին Սուրիական հայրենիքին փառաբանանքը հիւսող երգեր:


