«Գերմանիան, Ֆրանսան կը փորձեն ինչ-որ նոր «քամերթոն» (ձայնի բարձրութեան չափման գործիք) ստեղծել, անոնք կը բախին պատին՝ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել չցանկանալու խուլ պատին»,- ըսած է Փեսքովը «Մոսկուա. Քրեմլ. Փութին» հաղորդման շրջածիրէն ներս:
«Ես նոյնիսկ չեմ խօսիր յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին, ես կը խօսիմ պարզապէս երկխօսութիւնը վերսկսելու մասին, որ շատ անհրաժեշտ է Պրիւքսէլի եւ Մոսկուայի համար»,- աւելցուցած է ան:
Փեսքովն աւելի վաղ յիշատակած էր Մերձպալթիքի երկիրները, որոնք իրենց տարածքներուն մէջ ամերիկեան կործանիչներ կը տեղակայեն՝ այդպիսով աւելի սրելով իրավիճակը: