Թուրքիոյ «Խորքային պետութեան» մաս կազմող բջիջներու կողմէ կատարուած յարձակումներուն հետեւանքով զոհուեցան Թուրքիոյ քաղաքացի 25 յոյներ, գրանցուեցան հարիւրաւոր վիրաւորներ, 71 եկեղեցիներ եւ 41 դպրոցներ քանդուեցան եւ 4008 խանութներ ու հաստատութիւններ հրոյ ճարակ դարձան։
6 սեպտեմբերը Թուրքիոյ մէջ ճանչցուած է որպէս «Սեւ սեպտեմբեր»ի օրեր: 6-7 Սեպտեմբեր 1955-ին, թուրք ծայրայեղական յորդաները Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ յարձակում գործեցին տեղի փոքրամասնութեանց, մասնաւորապէս՝ յոյներու վրայ: Յարձակումներ եղան յունաց տասնեակ եկեղեցիներու վրայ եւ հարիւրաւոր տուներ ու վաճառատուներ դարձան հրոյ ճարակ: Գործադրուած հալածանքի զոհ դարձան յոյն արմատներով աւելի քան 30 Թուրքիոյ քաղաքացիներ: Եղած դէպքերը կազմակերուած էին թուրք ցեղապաշտական խմբաւորումներու կողմէ, որոնք անուղղակիօրէն կը վայելէին քեմալիստ պետութեան «լուռ աջակցութիւն»ը: Դէպքերը կապ ունէին նաեւ Կիպրոսի մէջ առկայ տագնապին հետ, ուր տեղի թուրքերուն ու յոյներուն միջեւ լարուածութիւնը հասած էր վտանգաւոր մակարդակի: Պոլսոյ հայերը եւս անմասն չմնացին այս վայրագութիւններէն, եւ ցայսօր Պոլիս ապրող եւ այդ դէպքերուն ականատես եղած հայ անհատներ վախով եւ սրդողումով կը վերյիշեն այդ պատահարները: 6-7 սեպտեմբերի դէպքերը մաս կը կազմեն Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց դէմ գործադրուած հալածանքի եւ բռնադատումներու մեծ տոմարին: