Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեանը Գորիսի մէջ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) ղեկավար Սամանթա Փաուըրին ներկայացուցած է վերջին քանի մը օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի վրայ ատրպէյճանական յարձակման, ինչպէս նաեւ վերջին ամիսներուն Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Գորիսի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։
«Երբեմն մենք տեղեկութիւն ենք ստանում, որ երեխաներով ավտոբուս կայ միջանցքում, եւ երեխաները թթուածնի կարիք ունեն կամ այլ խնդիր ունեն, բայց մենք չենք կարողանում հասնել նրանց», - յայտնած է Ղուկասեանը՝ աւելցնելով, որ մարդիկ կու գան ամէն վայրկեան։
Սիւնիքի մարզպետի խօսքով՝ եկողներու մեծ մասը կանայք եւ երեխաներ են, իսկ որոշ ընտանիքներ նոյնիսկ տեղեկութիւն չունին իրենց ընտանիքի միւս անդամներու մասին եւ չեն ուզեր Գորիսէն հեռանալ Երեւան կամ այլ վայր, քանի որ կ'ուզեն սպասել իրենց ընտանիքի կորսուած անդամներուն։
Բացի այդ, դժուարութիւն կը ստեղծէ նաեւ այն հանգամանքը, որ Լաչինի միջանցքին մէջ կապ չկայ, իսկ մեքենաներու շարասիւնը կ'երկարի մի քանի քիլոմեթր, եւ ոչ ոք կրնայ հասնիլ բուժօգնութեան կարիք ունեցող, ծանր կացութեան մէջ գտնուող մարդոց։
Փաուըրը նաեւ հետաքրքրուած է, թէ ինչու խցանումը այդքան երկար կը ձգուի։ Ռոպերթ Ղուկասեանը տեղեկացուցած է, որ ճանապարհին բազմաթիւ մեքենաներ փճացած են, հարիւրաւոր մեքենաներ պենզին չունին, շատերը հրելով կը հասցնեն մեքենաները մինչեւ Լաչինի միջանցք՝ յոյսով, որ այնտեղ թէկուզ քիչ քանակութեամբ պենզին կը գտնեն, որ կարողանան հասնիլ մօտակայ քաղաք եւ լիցքաւորեն։
«Շատ դէպքերում էլ մարդիկ գալիս են, իսկ նրանց իրերը որեւէ մեծ բեռնատարում են, եւ նրանք ստիպուած են այստեղ սպասել, մինչեւ իրենց իրերը հասնեն», -ըսած է Ղուկասեանը։
«Մենք եկած ենք՝ աջակցելու եւ աւելի շատ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու, սակայն գիտեմ, որ ոչ մէկ տեսակի մարդասիրական օգնութիւն կրնայ սփոփել այն տառապանքները, որ մարդիկ տեսած են եւ որոնց մէջէն կ'անցնին այժմ», - նշած է Սամանթա Փաուըրը։