Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ Իսրայէլի մէջ հանդիպած է այդ երկրի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ։ Այս մասին «Axios»ին յայտնած է երկու իրազեկ աղբիւր։
Աղբիւրները նշած են, որ Նաթանիահուի հետ հանդիպումը տեղի ունեցած է Իսրայէլի հարաւը գտնուող «Օվտա» օդային ռազմակայանին մէջ, ուր տեղակայուած են Միացեալ Նահանգներու օդանաւերու լիցքաւորման ինքնաթիռներ եւ կործանիչներ։
Հաղորդուած է նաեւ, որ Հեկսեթ հանդիպած է ռազմակայանին մէջ գտնուող ամերիկեան զօրքերուն հետ։
Աւելի ուշ Հեկսեթ հրապարակած է լուսանկար, որ առնուած է Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հրամանատարութեան (CENTCOM) զօրքերուն կատարած այցի ընթացքին։
Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը կը վերահսկէ Միջին Արեւելքի, Կեդրոնական Ասիոյ որոշ շրջաններու, Հարաւային Ասիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ ռազմական գործողութիւնները։
Չյայտարարուած այցը տեղի ունեցած է Իսրայէլի մէջ Հոկտեմբեր 27ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ութ օր առաջ, այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ կը քննարկուի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները վերսկսելու կարելիութիւնը։
Փենթակոնը եւ Իսրայէլի դեսպանատունը հրաժարած են մեկնաբանել հանդիպումը։ Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակն ալ չէ պատասխանած մեկնաբանութեան խնդրանքին։