Էսթոնիոյ իշխանութիւնները որոշած են Ուքրանիոյ լրացուցիչ օգնութիւն յատկացնել 6,5 միլիոն եւրոյի չափով։ Այս մասին հաղորդած է Էսթոնիոյ ERR ազգային պետական հեռուստառատիօընկերութիւնը՝ յղում ընելով պալթեան հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մարկուս Ցահքնային։
Պաշտօնեային խօսքով՝ Թալինը 4,5 միլիոն եւրօ պիտի յատկացնէ Քիեւին երկաթուղային լոքոմոթիվներ մատակարարելու համար, եւս 2 միլիոն եւրօ ալ պիտի տրամադրուի SPUR 2.0 ծրագրի ծիրէն ներս, որ «կը նպաստէ Ուքրանիոյ վերականգնման ու վերակառուցման»։