image

Միացեալ Նահանգները խստօրէն կը դատապարտէ «Քրոքուս»ի ահաբեկչութիւնը. Պլինքըն

Միացեալ Նահանգները խստօրէն կը դատապարտէ «Քրոքուս»ի ահաբեկչութիւնը. Պլինքըն

Միացեալ Նահանգները խստօրէն կը դատապարտէ «Քրոքուս»ի ահաբեկչութիւնը։

Յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն:

Անոր խօսքով, Ուաշինկթըն կը դատապարտէ ահաբեկչութիւնը բոլոր ձեւերով եւ դրսեւորումներով եւ համերաշխ է ռուսաստանցիներու հետ։

Յիշեցնենք, որ Մոսկուայի մերձակայքը գտնուող «Քրոքուս Սիթի հոլլ»-ին մէջ  ինքնաձիգով զինուած անձինք, համերգէն առաջ, ներխուժած էին համերգասրահ եւ անկանոն կրակահերթեր արձակած մարդոց ուղղութեամբ։ Վերջին տուեալներով՝ ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուած է 143 մարդ: