Թրամփը ամբողջ աշխարհին ցոյց տուաւ, որ Միացեալ Նահանգները ամենակարող չէ, յայտարարած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն։
Ալեքսանտր Լուքաշենքօն քննադատած է նաեւ ԵՄ իշխանութիւնները։ Ան բացատրած է, որ Մերցը, Մաքրոնը եւ միւսները ժամանակաւոր պաշտօնեաներ են, ուստի անոնք չեն մտածեր իրենց ժողովուրդին մասին։
Ըստ անոր՝ նմանատիպ իրավիճակ կայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ․ «Եւ ձեր Թրամփն ալ նոյնպէս․ ո՞վ է ան։ Ան ժամանակաւոր աշխատող է, ունի չորս տարի։ Ի՞նչ պիտի ընէ ան չորս տարի ետք։ Ոչինչ։ Ան ոչինչ պիտի ընէ։ Հետեւաբար, նախագահը պէտք է ժամանակ ունենայ մտնելու այս անհանգիստ գետին մէջ եւ կատարելու իր աշխատանքը»։