«Այս միջադէպին ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը կրէ Իրանը։ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պիտի պատրաստէ անհրաժեշտ արձագանգման միջոցառումներ՝ երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառոյցներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար», — նշուած է պաշտօնական յայտարարութեան մէջ։
Իրանի տարածքէն արձակուած երկու անօդաչու թռչող սարքեր (ԱԹՍ) ինկած եւ պայթած են Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան տարածքին մէջ։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդումով՝ ԱԹՍ-ներէն մէկը ինկած է Նախիջեւանի օդակայանի թերմինալի շէնքին վրայ, իսկ երկրորդը՝ Շեքերապատ գիւղի դպրոցի մօտակայքը։
«Մենք վճռականօրէն կը դատապարտենք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան տարածքէն իրականացուած այս յարձակումները, որոնց հետեւանքով վնասուած է օդակայանի շէնքը եւ վիրաւորուած են երկու խաղաղ բնակիչներ», — նշուած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ։
Դէպքին պատճառով Պաքուի մէջ Իրանի դեսպանը կանչուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն։
Յարձակման յաջորդած է օդակայանին մօտ գտնուող կրթական հաստատութիւններու աշակերտներու եւ ուսուցիչներու շտապ տարհանումը։ Այս պահուն իրավիճակը ուժային մարմիններու վերահսկողութեան տակ է, մինչ իրանական կողմէն պաշտօնական պարզաբանումներ տակաւին չեն տրուած։
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Նախիջեւանի ուղղութեամբ Իրանի իրականացուցած յարձակումը անպատասխան պիտի չմնայ։ Գերատեսչութիւնը ամբողջ պատասխանատուութիւնը վերագրած է Թեհրանի վարչակարգին։