image

Լոս Անճելըս. Կը սպասուի «Բերդ» պարախումբի ելոյթը

Լոս Անճելըս.  Կը սպասուի «Բերդ» պարախումբի ելոյթը

Հայաստանի վաստակաւոր «Բերդ» պարախումբը Միացեալ Նահանգներու իր շրջապտոյտին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ 9 Նոյեմբերին, նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ,  երեկոյեան ժամ 5էն սկսեալ, The Orpheum թատերասրահին մէջ։ Խումբը ելոյթներ պիտի ունենայ նաեւ Շիքակոյի (14 Նոյեմբերին) եւ Նիւ Եորքի (16 Նոյեմբերին) մէջ։

«Բերդ» պարախումբը այս տարի կը նշէ իր գեղարուեստական ղեկավարին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, պարաստեղծ-բեմադրիչ Կարէն Գէորգեանի ծննդեան 60 եւ ստեղծագործական գործունէութեան 40ամեայ յոբելեանները։

Տոմսերու համար այցելել կայքը կամ դիմել (818) 472-3000 եւ (818) 726-4070 թիւերուն։

Պարախումբին մասին յաւելել տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը։