Հանրապետութեան տարածքին մէջ հոկտեմբեր 24-ի ցերեկը, 25-ի գիշերը եւ կէսօրէ ետք, 28-ի ցերեկն առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ, հնարաւոր է նաեւ ամպրոպ։ Հոկտեմբեր 26-ին եւ 27-ին, 28-ի գիշերը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։
Քամին հարաւարեւմտեան է՝ 2-5 մ/վ։ Օդի ջերմաստիճանն էապէս պիտի չփոխուի:
Երեւանի մէջ հոկտեմբեր 24-ին, 26-ին եւ 27-ին, 28-ի գիշերը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Հոկտեմբեր 25-ին եւ 28-ին կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ։