Հանրապետութեան տարածքին Սեպտեմբեր 26-ի կէսօրէ ետք առանձին շրջաններու մէջ, 28-ի գիշերը եւ կէսօրէ ետք, 29-30-ին ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, հնարաւոր է նաեւ կարկուտ։
Քամին հարաւ-արեւմտեան է՝ 2-5 մեթր վայրկեան արագութեամբ։ Ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 17-20 մեթր վայրկեան արագութեամբ։ Սեպտեմբեր 28-ին եւ 29-ին օդի ջերմաստիճանը ամբողջ հանրապետութեան տարածքին պիտի նուազի 4-5 աստիճանով։
Երեւանի մէջ Սեպտեմբեր 26-ին եւ 27-ին տեղումներ չեն սպասուիր։ Սեպտեմբեր 28-ի երեկոյեան, 29-30-ին ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ։ Ամպրոպի ժամանակ քամին պիտի ուժգնանայ՝ հասնելով 16-19 մեթր վայրկեան արագութեան։