image

Տեղումներ չեն սպասուիր, օդի ջերմաստիճանը պիտի նուազի

Տեղումներ չեն սպասուիր, օդի ջերմաստիճանը պիտի նուազի

 

Հանրապետութեան տարածքին մէջ Հոկտեմբեր 4-ին եւ 5-ի գիշերը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Հոկտեմբեր 5-ի կէսօրէ ետք, 6-8-ի գիշերը եւ կէսօրէ ետք առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ, հնարաւոր է նաեւ կարկուտ։

Քամին արեւմտեան է՝ 2-5 մեթր վայրկեանի արագութեամբ։ Ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 17-20 մեթր վայրկեանի արագութեամբ։ Օդի ջերմաստիճանը Հոկտեմբեր 4-ի գիշերը 3-5 աստիճանով պիտի նուազի։

Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 4-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Հոկտեմբեր 5-ին՝ առաւելաբար երեկոյեան ժամերուն, 6-8-ի գիշերը եւ երեկոյեան կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ։ Ամպրոպի ժամանակ քամիի ուժգնացումը պիտի հասնի 15-17 մեթր վայրկեանի արագութեան։