image

Կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ. Եղանակը պիտի հովանայ

Կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ. Եղանակը պիտի հովանայ

Երեւանի մէջ օգոստոս 28-ի կէսօրէ ետք, 29-31-ին եւ սեպտեմբեր 1-2-ին՝ գիշերը եւ կէսօրէ ետք, կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ։ Ամպրոպի ժամանակ եւ երեկոյեան ժամերուն կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 18-23 մ/վրկ։

Հանրապետութեան տարածքին օգոստոս 28-ին կէսօրէ ետք, 29-31-ին, սեպտեմբեր 1-ին՝ գիշերը եւ կէսօրէ ետք, շրջաններու մեծ մասին մէջ, իսկ սեպտեմբեր 2-ին առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ։ Օգոստոս 28-31-ին եւ սեպտեմբեր 1-2-ին առանձին շրջաններու մէջ անձրեւները պիտի ըլլան տեղատարափ, հնարաւոր է կարկուտ։

Քամին՝ հարաւ-արեւելեան եւ արեւելեան, 4-7 մ/վրկ արագութեամբ։ Ամպրոպներու ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 20-25 մ/վրկ։

Օդի ջերմաստիճանը օգոստոս 28-31-ին ցերեկային ժամերուն աստիճանաբար պիտի նուազի 7-9 աստիճանով։