image

Կը նախատեսենք հանդիպում Ճէյհուն Պայրամովի հետ․ Արարատ Միրզոյեան

Կը նախատեսենք հանդիպում Ճէյհուն Պայրամովի հետ․ Արարատ Միրզոյեան

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Նիւ Եորքի մէջ՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Գլխաւոր վեհաժողովի նստաշրջանի շրջածիրէն ներս, հնարաւոր է հանդիպում ունենայ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

«Մենք նախատեսում ենք Նիւ Եորքում հանդիպել, սակայն վերջնական պայմանաւորուածութիւն չկայ։ Գրաֆիկներից է կախուած»,- ըսած է Արարատ Միրզոյեանը։

Նիւ Եորքի մէջ Սեպտեմբեր 8-ին սկսած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Գլխաւոր վեհաժողովի 81-րդ նստաշրջանը։

Ան անդրադարձած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի՝ Գանձասարի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն։

«Ես կարծում եմ՝ ԱԳՆ-ն ինչ պէտք է, արել է, եւ այդ հարցով աւելի մասնագիտացուած մարմիններ կան։ Լսեցինք եւ շատ բաւարարուած ենք Մատենադարանի դիրքորոշմամբ»,- շեշտած է ան։