Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Քեւին Հեմիլթընի հետ։
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-ՆԱԹՕ գործընկերութեան զարգացման հարցեր, անոնց կարգին՝ գործընկերութեան առկայ ձեւաչափերու ծիրէն ներս համագործակցութեան հետագայ ընդլայնում:
Անդրադարձ կատարուած է Քոսովոյի մէջ ՆԱԹՕ-ի ղեկավարած խաղաղապահ առաքելութեան Հայաստանի մասնակցութեան եւ անոր շարունակականութեան։
Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ: Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է միջտարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ցանցի ընդլայնման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներ: Ընդգծուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան նշանակութիւնը տարածաշրջանային համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ: