image

Հայաստանը թրքական կողմի հետ կը նախատեսէ երկրորդ կամուրջ կառուցել Մարգարայի հատուածին մէջ. Միրզոյեան

Հայաստանը թրքական կողմի հետ կը նախատեսէ երկրորդ կամուրջ կառուցել Մարգարայի հատուածին մէջ. Միրզոյեան

 

Հայաստան թրքական կողմին հետ կը նախատեսէ երկրորդ կամուրջ կառուցել Մարգարայի հատուածին մէջ։ Այս մասին Կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտնած է Արարատ Միրզոյեան։

Իր կարգին, Փաշինեան աւելցուցած է, որ Թուրքիոյ հետ կը խօսին կամուրջ կառուցելու, Իրանի հետ՝ կամուրջի եւ աւելի մեծ մաքսակէտի կառուցման, իսկ Վրաստանի հետ՝ փոխադրումներու թողունակութիւնը մեծցնելու մասին։ Ան նաեւ նշած է, որ Հիւսիս-Հարաւ մայրուղին արագ թափով կը կառուցուի, եւ Հայաստան կը ձեռնարկէ TRIPP նախագիծի իրականացման ծրագիրին։

Ատրպէյճանի հետ ալ կը քննարկուի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը վերաբանալու ռազմավարական ծրագրումը։

«Սա Խաղաղութեան խաչմերուկ նախագծի գործնական իրագործումն է», ըսած է Փաշինեան։