image

Գերշ. Տ. Մակար արք. հետեւեցաւ Գամիշլիի նորակառոյց եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն

Գերշ. Տ. Մակար արք. հետեւեցաւ Գամիշլիի նորակառոյց եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան, Շաբաթ, օրերս, այցելած է Գամիշլի՝ հետեւելու նորակառոյց Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն եւ հանդիպելու տեղւոյն եկեղեցական ու համայնքային պատասխանատուներուն։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Շաբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2026-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան ժամանեց Գամիշլի, ընկերակցութեամբ՝ Յարաբերական Մարմինի պատասխանատու Տիար Վրէժ Եագուպեանի, «Aid to the Church in Need» բարեսիրական հաստատութեան Սուրիոյ պատասխանատու Տիար Ժոզէֆ Ճորճ Ճպրանի եւ Նպաստից Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Տիար Յարութ Հայրապետեանի։

Սրբազան Հայրը Գամիշլիի մէջ դիմաւորուեցաւ Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Թաղականութեան եւ Յարաբերութեան Մարմինի պատասխանատուներուն կողմէ։

Սրբազան Հօր առաջին այցելութիւնը եղաւ նորակառոյց Ս. Յակոբ Եկեղեցի, ուր ան շրջեցաւ շինարարական տարածքին մէջ եւ մօտէն հետեւեցաւ ընթացող աշխատանքներուն։ Ան հանգամանօրէն ծանօթացաւ շինութեան տարբեր փուլերուն, անհրաժեշտ նկատառումները եւ ցուցմունքները փոխանցեց պատասխանատուներուն, ապա բարձրօրէն գնահատեց ցայսօր կատարուած աշխատանքը։

Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց Հայր Սուրբին եւ Շինարարական Յանձնախումբին՝ իրենց նուիրեալ ծառայութեան եւ հետեւողական աշխատանքին համար, մաղթելով, որ նորակառոյց Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ շինարարութիւնը յաջողութեամբ եւ բարւոք ընթացքով հասնի իր աւարտին՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի մխիթարութիւն Ճէզիրէի հայ հաւատացեալ ժողովուրդին։