image

Գերշ. Տ. Մակար արք. ընդունեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Գամիշլիի վարչութիւնը

Գերշ. Տ. Մակար արք. ընդունեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Գամիշլիի վարչութիւնը

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան, Գամիշլիի մէջ իր այցելութեան շրջածիրէն ներս ընդունած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) Գամիշլիի վարչութեան անդամները՝ ատենապետութեամբ Արտաւազդ Եագուպեանի։ Հանդիպման ընթացքին գնահատուած են Միութեան ազգանուէր գործունէութիւնն ու Թեմի հետ ծաւալած համագործակցութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Շաբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան, Գամիշլիի Առաջնորդական Փոխանորդարանի գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) Գամիշլիի Վարչութիւնը՝ ատենապետութեամբ Արտաւազդ Եագուպեան։

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Գամիշլիի Վարչութիւնը այցելեց Սրբազան Հօր՝ իր ժամանումին առիթով ջերմ բարեմաղթութիւններ յղելու եւ հայրական օրհնութիւնը ստանալու համար։

Հանդիպումին ներկայ էին Արժն. Տ. Պսակ քհյն. Պէրպէրեանը եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութիւնը։

Սրբազան Հայրը իր հերթին իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վարչութեան անդամներուն՝ իրենց կատարած բոլոր աշխատանքներուն եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ու Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութեան միջեւ ծաւալած համագործակցութեան համար։

Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Գամիշլիի Վարչութեան նուիրուած ծառայութիւնը եւ գործունէութիւնը՝ մաղթելով, որ անոնք շարունակեն իրենց ազգանուէր եւ եկեղեցանուէր առաքելութիւնը։ Ապա, Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն։