Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի նախագահութեամբ, օրերս, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով օրհնուած են Կիրակնօրեայ Դպրոցի եւ Գամիշլիի ազգային վարժարաններու ուսուցիչները։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտուն, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբազան Արքեպիսկոպոս Աշգարեանի նախագահութեամբ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Սրբազան Հօր ձեռամբ օրհնուեցան Կիրակնօրեայ Դպրոցի ուսուցիչները, նաեւ Գամիշլիի ազգային վարժարաններուն ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան։ Արարողութեան ներկայ էին Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Յարաբերական Մարմինի պատասխանատու Տիար Վրէժ Եագուպեան, «Aid to the Church in Need» բարեսիրական հաստատութեան Սուրիոյ պատասխանատու Տիար Ժոզէֆ Ճորճ Ճպրան, Թեմի Նպաստից Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Տիար Յարութ Հայրապետեան, Գամիշլիի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամներ, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, Կիրակնօրեայ Դպրոցներու եւ ազգային վարժարաններու ուսուցչական կազմերը, Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, հրաւիրելով իւրաքանչիւր հաւատացեալ քրիստոնեայ ինքզինք հարց տալու, թէ արդեօք միայն անուա՞մբ քրիստոնեայ է, թէ սրտով եւ հոգիով Քրիստոսի կառչած իսկական հաւատացեալ։ Աւելցնելով ան ըսաւ, թէ պէտք է բոլորս Թարգմանչաց սուրբերուն օրինակով շարունակենք մեր կեանքի ճանապարհը եւ աստուածային շնորհքներով օժտուած՝ հեռու մնանք մեղքերէն ու մեր վարքով եւ գործով փորձենք լուսաւորել մեր շրջապատը։
Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց գաղութի զաւակներուն տարած նուիրական աշխատանքը, բարի վերամուտ մաղթեց ազգային վարժարաններու հայ աշակերտութեանց, յատկապէս Կիրակնօրեայ Դպրոցներու աշակերտութեանց։ Սրբազան Հայրը Ճեզիրէի հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Գամիշլի այցելութեան իրեն ընկերակցող «ACN» բարեսիրական հաստատութեան Սուրիոյ պատասխանատու Տիար Ժոզէֆ Ճորճ Ճպրանին։
Այնուհետեւ, Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները եւ հաւատացեալները Ս. Հաղորդութիւն ստացան։
Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս Սրբազան Հայրը մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու եւ ազգային վարժարաններու ուսուցիչներուն եւ ժողովուրդի զաւակներուն հետ, գնահատեց անոնց կապուածութիւնը մեր ազգային-եկեղեցական արժէքներուն եւ իր զօրակցութիւնը յայտնելով՝ բարի վերամուտ ու բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց անոնց։ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան որդիական երախտագիտութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր հովուական քաջալեր այցելութեան համար։
Այս առիթով կոկիկ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ եւ յիշատակի լուսանկարներ առնուեցան։

