image

Ֆիտան- Պլինքըն «սիրալիր» հանդիպում՝ Իսթանպուլի մէջ

Ֆիտան- Պլինքըն «սիրալիր» հանդիպում՝ Իսթանպուլի մէջ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Իսթանպուլի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները, յայտնած է Anadolu՝ վկայակոչելով դիւանագիտական ​​աղբիւրները։

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ այնպիսի հարցերու, ինչպիսին է իրավիճակը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ։

Ինչպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարին ըսած է Թուրքիոյ ԱԳՆ ղեկավարը, Անգարան կը սպասէ ամերիկեան F-16 կործանիչներու գնման գործընթացի աւարտը, իսկ ՆԱԹՕ-ին Շուէտի անդամակցութեան վերջնական որոշումը կը պատկանի Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին։

Արտաքին գործոց գերատեսչութիւններու ղեկավարները բանակցութիւններու ընթացքին հանգամանօրէն քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւնները։

Ֆիտան եւ Պլինքըն մտքեր փոխանակած են նաեւ Կազայի ճգնաժամի շուրջ։

Թուրքիոյ ԱԳՆ ղեկավարը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ «Իսրայէլի աճող յարձակողականութիւնը վտանգ կը ներկայացնէ ողջ տարածաշրջանին համար»։

Ան նշած է Կազայի հրադադարի շուտափոյթ հաստատման եւ Կազա մարդասիրական օգնութեան անխափան առաքման կարեւորութիւնը։

Ֆիտան կոչ ըրած է հնարաւորինս շուտ սկսելու բանակցութիւնները՝ իսրայէլեան-պաղեստինեան հակամարտութիւնը երկու պետութիւններով լուծելու համար:

Թուրք նախարարն անդրադարձած է նաեւ Ռուսիայէն եւ Ուքրանիայէն գիւղատնտեսական ապրանքները համաշխարհային շուկաներ տեղափոխելու Թուրքիոյ ջանքերուն։