Շիշլիի մարզական ակումբի խոստմնալից աթլեթ Ռինա Չոլաք, օրերս, նոր յաջողութիւն մը արձանագրեց Իսթանպուլի պատանիներու ախոյենութեան մրցաշարքին՝ 60 մեթր վազքի մրցաձեւին մէջ նուաճելով ոսկէ մետալ եւ գրանցելով իր տարիքային խումբին 2026 տարեշրջանի մինչեւ այժմու լաւագոյն արդիւնքը։
Պարմանուհին նաեւ հեռացատքի մրցումներուն արժանացաւ պրոնզէ մետալի՝ շարունակելով հպարտութիւն պատճառել իր ակումբին եւ համայնքին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Շիշլիի մարզական ակումբի աթլեթիզմի մարզադպրոցի անդամ, աթլեթիզմի պարմանի մարզիկուհի Ռինա Չոլաք կը շարունակէ ուրախութեամբ լեցնել մեր սիրտերը։ Ան քանի մը օր առաջ նոր յաջողութիւն մը եւս արձանագրեց աթլեթիզմի երկու մարզաձեւերու՝ 60 մեթր վազքի ու հեռացատքի մէջ։
Այսպէս, Ռինա մասնակցելով աթլեթիզմի պատանիներու Իսթանպուլի ախոյենութեան մրցաշարքին, աստղերու դասաւորման մէջ տիրացաւ ոսկեայ մետայլի։ Ան 60 մեթր վազքի մրցումի եզրափակիչին, 8.20 երկվայրկեան արդիւնքով ո՛չ միայն գրաւեց առաջին տեղը, այլ նաեւ իր տարիքային դասաւորման մէջ արձանագրեց 2026 տարեշրջանի մինչեւ այժմու լաւագոյն արդիւնքը։
Խոստմնալից պարմանուհին երկրորդ յաջողութիւնն ալ արձանագրեց հեռացատքի մրցաձեւին մէջ, ուր 4.59 մեթր արդիւնքով գրաւեց երրորդ տեղը՝ կրկին հպարտութիւն պատճառելով իր ընտանիքին, մարզիչներուն եւ մեր մարզասէրներուն։
Ռինայի յաջողութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունին Շիշլիի մարզական ակումբն ու մարզիչ Հաքան Կիւնարթան, որոնց նուիրեալ աշխատանքը նպաստած է պարմանուհիի մարզական յառաջընթացին։
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ռինան ու իր ընտանիքը՝ համայնքային գործիչ Արի Չոլաքը, կողակիցը՝ Միրնան ու բոլոր մերձաւորները, նաեւ ակումբի վարչութիւնը։ Կը մաղթենք, որ ան նոյն փայլուն արդիւնքներով ներկայանայ նաեւ Թուրքիոյ ախոյենութեան մրցումներուն։