Աշխարհահռչակ երգչուհի Ճենիֆըր Լոփեսի հայաստանեան այցի եւ համերգի առթիւ կը քննարկուին անոր կեանքի եւ գործունէութեան շատ մանրամասնութիւններ, բայց չի նշուիր, որ Ճէյ Լոն հայ ոսկերիչներու պատրաստած զարդերու մեծ հաւաքածու ունի։
«Արեւելք»-ի տեղեկութիւններով, ամերիկացի երգչուհին կը նախընտրէ Շխրտմեան ոսկեգործներու ընտանիքի ստեղծած հեղինակային զարդերը, որոնք ընկերութեան հիմնադրի անունով կը կրեն «Եփրեմ» մակնանշումը։
Դեռ 2014-ին Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան բացման, առաջնութեան պաշտօնական հիմնը կատարելու ժամանակ Ճենիֆըր Լոփեսը բեմ բարձրցաւ «Եփրեմ»-ի զարդերով։
Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութիւն 2014
Անոր եւ հայերու այս ոսկերչատան համագործակցութիւնը վաղեմի պատմութիւն ունի։ Լիբանան բնակող Շխրտմեան ընտանիքը յատուկ Լոփեսի համար ստեղծած է ինքնատիպ հաւաքածու, որ կը համալրուի ամէն տարի եւ կը ներառէ ականջօղեր, մատանիներ, թեւնոցներ, տարբեր գլխազարդեր։ Վերջին հաւաքածուն Լոփեսը ձեռք է բերած է քանի մը ամիս առաջ, որով Նիւ Եորքի մէջ մասնակցած է ամերիկացի երաժիշտ Ճոն Քանտըրի ծննդեան տօնակատարութեան եւ կրած է Եփրեմի տարբեր զարդեր՝ սեւ եւ սպիտակ հագուստներու հետ (լուսանկարին մէջ)
Լիբանանի մէջ գործող եւ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի մէջ յայտնի «Եփրեմ» ոսկերչատունն աչքի կ՚իյնայ իր նրբաճաշակ ու բարձրաշխարհիկ զարդերով, որոնք տարբեր ժամանակներու կրած եւ ատոնցմով բեմ բարձրացած են նշանաւոր մարդիկ։ Անոնց շարքին են նաեւ Լետի Կական, Մատոննան, Ռիհաննան, Քեթրին Զեթա-Ճոնսը, Ճեսիքա Պիլը, Քուին Լաթիֆան, արաբական աշխարհի աստղեր, թագաւորական ընտանիքի անդամներ։
Հայկական միջավայրի մէջ յայտնի է «Եփրեմ» ոսկերչատան «Խաչքար» անուանմամբ ոսկեայ եւ ադամանդակուռ ապարանջանը, որ տարիներ առաջ յայտնուած էր Շարլ Ազնաւուրի դաստակին: Ազնաւուրը նաեւ կոչ կ՚ընէր գնելու հայ վարպետներու պատրաստած զարդը, որու վրայ «Եփրեմ» ոսկերչատան ձեւաւորողները պատառիկներ դրոշմած են հայկական մշակոյթէն՝ խաչքար, հայոց այբուբենը, իսկ ապարանջանի ետնամասին՝ Ուիլիըմ Սարոյեանի՝ հայ ժողովուրդի մասին երկտողերէն: «Խաչքար» զարդն արդէն 10 տարեկան է եւ ընկերութեան խորհրդանիշներէն է։
1964-ին Լիբանանի մէջ Եփրեմ Շխրտմեանի հիմնած ոսկերչատունն այսօր կը ղեկավարեն անոր ընտանիքի երկրորդ սերունդի անդամները:
Շխրտմեանները
Շխրտմեանները կը շարունակեն ընտանիքի հօր՝ Եփրեմի տեսլականը, որ 1964 թուականին մօրմէն ժառանգութիւն ստանալով ոսկեայ ապարանջան մը, որոշած էր շարունակել հայ ոսկերիչներու՝ երբեք չընդհատուած պատմութիւնը եւ հիմնած է ընտանեկան ոսկերչատուն։
Լուսանկարներուն մէջ՝ Ճենիֆըր Լոփեսի հայկական ոսկիներու հաւաքածուէն քանի մը նմուշ․