image

Ամերիկացիները «ոչ» ըսին պատերազմին, եւ մենք կ՚աջակցինք այդ ուղերձին. Ղալիպաֆ

Ամերիկացիները «ոչ» ըսին պատերազմին, եւ մենք կ՚աջակցինք այդ ուղերձին. Ղալիպաֆ

Իրանի խորհրդարանի խօսնակ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆ անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու մէջ կայացած միջանկեալ ընտրութիւններու արդիւնքներուն՝ նշելով, որ ամերիկացիները «ոչ» ըսած են պատերազմին, եւ իրենք կ՚աջակցին այդ ուղերձին։ Ղալիպաֆ այս մասին գրած է X հարթակին վրայ։

«Խղճի թելադրանքով թէ կենսապայմաններու բերումով՝ ամերիկացիները ըսին՝ «Ո՛չ պատերազմին», եւ մենք կը սատարենք այդ ուղերձին»,– նշած է ան իր գրառման մէջ։

Ղալիպաֆ աւելցուցած է, որ եթէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը դաւաճանէ ամերիկացիներու հանրային կամքին եւ ծառայէ միջազգային հովանաւորներուն ու շանթաժիստներուն, ապա հետեւանքներ պիտի ըլլան։

«Անոնք պիտի տեսնեն, որ մեր «ոչ»-ը մղձաւանջի պիտի յանգեցնէ»,– եզրափակած է Մեջլիսի խօսնակը։

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի միջանկեալ ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն համաձայն՝ Հանրապետական կուսակցութիւնը, որուն անդամ է գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփ, երկու պալատներուն մէջ ալ զիջած է Դեմոկրատներուն։