Վարուժ Պաղտասարեանի յիշատակին
Վարուժ Պաղտասարեանի անժամանակ մահը (Վարուժ մահացած էր օրերս սրտի անակնկալ կաթուածի հետեւանքով) խոր վիշտ ու անսպասելի ցաւ պատճառած է զինք ճանչցողներուն համար։ Անոր յիշատակին՝ ազգային-քաղաքական գործիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան յուզիչ գրառում մը կատարած է՝ փորձելով բառերու վերածել իր կսկիծն ու այն մտորումները, զորս իր մէջ արթնցուցած է երիտասարդ ընկերոջ կորուստը։
Ստորեւ՝ Դոկտ. Յովսէփեանի ամբողջական գրառումը՝
Մի քանի օր առաջ, երիտասարդ ընկեր մը կորսնցուցի որ յանկարծակիօրէն բաժնուեցաւ մեզմէ։ Չեմ կրնար պատկերացնել այն ցաւը որ իր կողակիցը՝ Կասիկը, իր ծնողները, հարազատներն ու ընկերները կ՚ապրին Վարուժի մահուան դէմ յանդիման։ Իսկ ես, որ ընդհանրանպէս բառերու պակասը չ՚ունիմ մտքերս արտայայտելու՝ խօսքեր չեմ գտներ մահախօսական մ՚իսկ գրելու։ Կը դիտեմ իր ժպտուն երեսը, ականջիս մէջ կը հնչէ իր վարակիչ խնդուքը, եւ կ՚ուզեմ հաւատալ որ աւելի խորիմաստ կամ փիլիսոփայական արժէք մը պէտք է ըլլայ այս 36-ամեայ ընկերոջս կեանքի ընդհատման ետին, որ թէ ինքը զոհ մը չէ այս պարագային, այլ պատգամաբեր մը կամ հրեշտակի վերածուած ազնիւ հոգի մը, որուն միջոցաւ տեղէ մը մեզի պատգամ մը կը տրուի։
Հաւանաբար այն, թէ կեանքը կարճ է եւ փխրուն, չ՚արժէ չարանալ, նախանձիլ ու որուն համար Աստուած կը թելադրէ լաւագոյնս արժեւորել մարդկային կեանքն ու մեր սիրելիները...
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի Ընկեր Վարուժ։