image

Արաքչի հանդիպած է երկու ամերիկացի պաշտօնեաներու

Արաքչի հանդիպած է երկու ամերիկացի պաշտօնեաներու

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Ժողովի շրջածիրէն ներս հանդիպած է Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների հետ, կը գրէ «New York Times»-ը։

Իրանական կողմը պահանջած է, որ Միացեալ Նահանգները վերացնէ ծովային շրջափակումը, ազատ արձակէ սառեցուած դրամական միջոցները, ինչպէս նաեւ դադրեցնէ պատերազմը բոլոր ճակատներուն վրայ։ Այս մասին հաղորդած է Իրանի պետական հեռատեսիլը։

Իրանական կողմին հետ բանակցութիւններէն ետք ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ գործընթացը շատ լաւ կ՚ընթանայ։

 

ԱՄՆ նախագահը յոյս յայտնած է, որ շուտով համաձայնութեան պիտի հասնին։ Թրամփ ենթադրած է, որ Իրանի հետ հակամարտութիւնը կրնայ աւարտիլ Նոյեմբերին նախատեսուած միջանկեալ ընտրութիւններէն առաջ։