image

Nvidia Ընկերութեան «տագնապ»ը չէ աւարտած. Թրամփ լուծում կ՚առաջարկէ

Nvidia Ընկերութեան «տագնապ»ը չէ աւարտած. Թրամփ լուծում կ՚առաջարկէ

 

«Այժմ, երբ Nvidia-ի գործադիր տնօրէն Ճենսըն Հուանկը, որ փայլուն աշխատանք կատարած է, հրաժարական տուած է, անոր տեղը կրնայ գրաւել միայն մէկ անձ՝ Apple-ի Թիմ Քուքը։ Առասպելական դէմքին պիտի փոխարինէ առասպելական դէմք մը», գրած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ։

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Nvidia ընկերութեան ղեկավար Ճենսըն Հուանկը հրաժարական տուած էր՝ լրտեսական գայթակղութեան մը յաջորդած։

Ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդը նոր գործադիր տնօրէն կը փնտռէ։ Մինչ այդ, անոր պարտականութիւնները պիտի կատարէ գործադիր փոխնախագահ եւ ֆինանսական տնօրէն Քոլէթ Քրէսը։